Հանդիպում Քառօրեայ Պատերազմին Մասնակցած Արման Աւետիսեանի Հետ

Ասպարէզ-Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի 11րդ դասարաններու աշակերտները հպարտութեան եւ հայրենասիրական պահեր ապրեցան Հինգշաբթի, Ապրիլ 6ին, երբ վարժարանի հայերէն բաժինին կազմակրպութեամբ եւ նախապէս առնուած ժամադրութեամբ հանդիպում մը ունեցան արցախեան քառօրեայ պատերազմին մասնակցած հայոց բանակի զինուորներէն Արման Աւետիսեանի հետ:
Հոլիվուդի Հայ կեդրոնին մէջ, կէսօրուան պահերուն եւ ճաշկերոյթով տեղի ունեցած սոյն հանդիպումին, վարժարանի աշակերտները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին Արմանի հետ եւ հետաքրքրութեամբ ու ոգեւորութեամբ ունկնդրեցին անոր յուշերն ու տպաւորութիւնները Արցախի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին եւ թշնամիին դէմ մղած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով իր վիրաւորուելուն ու ձախ ոտքը կորսնցնելուն մասին:
Մարտական ոգի ունեցող հայ քաջարի զինուորը ըսաւ, որ նոյնիսկ վիրաւորուելէն եւ բուժում ստանալէն ետք իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է եւ արդէն իսկ արձանագրուած է կրկին ճակատ վերադառնալու ու հայենիքի սահմանները անարգ թշնամիներէն պաշտպանելու համար:
Զրոյցին ընթացքին աշակերտները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու հայ զինուորին եւ ստանալու անոր ընկերական, բայց ոգեւորիչ պատասխանները:
Հայ զինուորին հետ ճաշի սեղան նստիլը եւ մտերմիկ զրոյց ունենալը անմոռանալի յուշ մը դարձաւ աշակերտներուն համար, եւ վերջաւորութեան անոնք յաջողութեան ու հայրենասիրական ջերմ մաղթանքներով հրաժեշտ տուին հայ քաջարի մարտիկ Արման Աւետիսեանին: