Դրամահաւաք Շուէտի Մէջ` Նուիրուած Արցախին

Շուէտի հայ համայնքի բոլոր կառոյցները, Հայ Առաքելական եւ Կաթողիկէ եկեղեցական խորհուրդները, ինչպէս նաեւ Շուէտի Հայ Դատի գրասենեակը դրամահաւաք ձեռնարկած են, որմէ ստացուած ողջ հասոյթը պիտի ուղղուի վերջին օրերուն ատրպէյճանական նախայարձակ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի շուրջ յառաջացած խնդիրներու լուծման:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ծրագիրի իրականացման արդիւնքով կը նախատեսուի Շուէտի մէջ հայկական միութիւնները համադրող կեդրոնի պաշտօնական կայքին մէջ, ըստ ցանկութեան, հրապարակել դրամահաւաքի մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ նուիրատուներու տուեալները: Ծրագիրին մասնակցիլ փափաքող անձիք, կրնան դրամական փոխանցումներ կատարել հետեւեալ դրամատնային հաշիւին` “Hayastan” All Armenian Fund-Sweden PG konto 55 57 46-7:

Scroll Up