Ողջ Ազգը կը Սրբէ Ձեր Արցունքը Մայրե՛ր եւ Ծունկի Կու գայ Ձեր Առջեւ

Այսօր Ապրիլ 7 է. Մայրութեան եւ գեղեցկութեան տօն: Հաւանաբար առաջին անգամ շնորհաւորանքները, մաղթանքները, ըսուած ու չըսուած խօսքերը սառած են մեր շուրթերուն, որովհետեւ անզօր են արտայայտելու այն ամենակարեւորը, որ կը խեղդէ իւրաքանչիւրիս կոկորդը, կը ցաւցնէ սիրտը, տակնուվրայ կ’ընէ հոգին ու կը ստիպէ հպարտութենէն խենթանալ:

Ին՞չ ըսել, ինչպէ՞ս… երբ ամէն ինչ` օդը, մարդիկ, ծանօթ ու անծանօթ բակն ու փողոցը Ձեր բոյրը կը շնչեն, Ձեզ կ’երկրպագեն: Ձեզ, որ ամէնուր էք` այնտեղ, ուր պէտք են հերոսներ, պէտք է խիզախութիւն ու խենթութիւն, ուր պէտք է ցաւին յաղթող միասնութիւն:

Այսօր, այս ուրախ ու տխուր օրը պարզ բան մը միայն կրնանք ընել. երեւոյթ եւ աներեւոյթ` գրկել Ձեզ, համբուրել, ծունկի գալ Ձեր առջեւ եւ ըսել պարզ բառ մը` ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ…

Շնորհակալ ենք, որ Դուք կա՛ք: Դուք, զոր Աստուած պարգեւած է մայր կոչուելու մեծագոյն շնորհը:ՄԱՅՐ, որուն զաւակը վախճան չ’ունենար քանի դեռ Դուք կա՛ք: Կա՛ք իւրաքանչիւր հայու աչքերու, սրտերու, արեան ու հոգիի մէջ: Դուք էք մեր ուժը, մեր յոյսն ու մեզ չլքող պահապանը նոյնիսկ Ձեր “բացակայութեան” ժամանակ:

Ին՞չ կրնանք ընել այսօր` միայն սրբել Ձեր արցունքը, ծունկի գալ Ձեր առջեւ եւ լուռ աղօթել Ձեր իսկ շուրթերով…

ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ԲՈԼՈՐ Մայրերուն…

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն

«Հայերն այսօր»

Scroll Up