Արժանթինահայերը Արցախի Կողքին Են. Բողոքի Երթ Պուէնոս Այրէսի ՄԷջ

Արժանթինի հայ համայնքը, անմասն չմնալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուող դէպքերուն, իր աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդին: Այս առիթով Ապրիլ 5-ին Պուէնոս Այրէսի մէջ հարիւրաւոր արժանթինահայեր բողոքի երթ իրականացուցին  արժանթինի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` մէկ անգամ եւս փաստելով իրենց միասնականութիւնը հայ ժողովուրդին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեան:

Արժանթինի Հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արքեպիսկոպոս Մուրադեանի եւ հոգեւոր դասի առաջնորդութեամբ` նախ աղօթք բարձրացուեցաւ նահատակ հայորդիներու հոգիներուն համար, ապա համայնքի անունէն ընթերցուեցաւ բողոք-նամակ, որ յանձնուեցաւ Ատրպէյճանի դեսպանատան:

Բազմաթիւ արժանթինահայեր ցանկութիւն  յայտնած են անհրաժեշտութեան պարագային կանգնիլ իրենց եղբայրներուն կողքին` միասնաբար պաշտպանելով Արցախ աշխարհը:

ԱրգենտինաԱրգենտինա1Արգենտինա7Արգենտինա5Արգենտինա694567810

Scroll Up