Աղօթք՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Արցախի Սահմանները Պաշտպանած Նահատակներու Հոգիներուն Համար

Ինչպէս ծանօթ է, ատրպէյճանական բանակը անցեալ շաբաթավերջին լայնածիր յարձակման անցաւ Արցախի սահմանային կարգ մը դիրքերու եւ աւաններու ուղղութեամբ՝ պատճառելով զոհեր եւ նիւթական մեծ վնասներ:

Ի լուր հայկական բանակին տուած զոհերուն, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. առաջնորդարանի համացանցի էջին միջոցով, անցած Շաբաթ օր կոչ ուղղեց մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ զօրակցական աղօթքով միասնութիւն յայտնէ Արցախի մեր ժողովուրդին ու պաշտպաններուն:

Աւելի՛ն, Արամ Ա. կաթողիկոս յանձնարարեց բոլոր թեմերուն, որ Կիրակի, 3 Ապրիլին, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունենայ նահատակներու հոգիներուն համար: Ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի տնօրինումին՝ Կիրակի օր, թեմիս եկեղեցիներուն մէջ զօրակցական «Տէր Ողոմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ եւ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ նահատակներու հոգիներուն համար. մեր ժողովուրդը միակամօրէն իր զօրակցութիւնն ու վշտակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին:

Առաջնորդ սրբազանը Ս. Պպատարագ մատուցեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ. ան իր պատգամին ընդմէջէն աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհիս, ի մասնաւորի՝ Միջին Արեւելքի երկիրներուն ու այս օրերուն՝ Արցախ հայրենիքին: Ան հաւատացեալները հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու նահատակներու հոգիներուն համար եւ Աստուծմէ խնդրելու պաշտպան կանգնիլ մեր հայրենիքին ու մասնաւորաբար՝ սահմանապահ քաջարի զինուորներուն:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up