«Նոր Սերունդ»-ը Փարիզի ՄԷջ Բողոքի Հզօր Ցոյց Պիտի Իրականացնէ Ատրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ
ՀՅԴ Ֆրանսայի երիտասարդական «Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը Ապրիլ 5-ին բողոքի հզօր ցոյց պիտի իրականացնէ Փարիզի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանութեան շէնքին առջեւ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Nouvelles d`Armenie-ն, ցոյցը պիտի ﬔկնարկէ տեղի ժամանակով 18:30-ին:
«Նոր սերունդ»-ը կը դատապարտէ մարդասպան Ալիեւի եւ անոր ղեկավարած պետութեան գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շփման գիծին վրայ եւ կը յայտարարէ Ֆրանսայի հայ համայնքի զօրակցութեան հաւաք: Բոլորս դէպի Ատրպէյճանի դեսպանութեան շէնք»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: