ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գիրքեր Նուիրեց Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս Վարժարանին

Մարտ 31-ին ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան,  ԱՄՆ-ի մէջ այցելած է Սուրբ Ստեփանոս ազգային վարժարան:

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեանի եւ այլ պատասխանատուներու ուղեկցութեամբ Սերժ Սարգսեան շրջած է վարժարանին մէջ, հետաքրքրուած կրթական այս հաստատութեան ընթացիկ գործունէութեամբ, առկայ խնդիրներով ու ծրագիրներով, ծանօթացած վարժարանի սաներուն եւ ուսուցիչներուն հետ: ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանն ալ գիրքեր եւ ուսումնաօժանդակ նիւթեր նուիրած է Վարժարանին:

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կողմէ հիմնուած շուրջ 30-ամեայ պատմութիւն ունեցող այս կրթօճախ կը յաճախեն համայնքի ամենատարբեր տարիքի 170-է աւելի երեխաներ:

2 3 4 5 6 7 16828_b 16833_b 16836_b16838_b

Scroll Up