«Տեսանք Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Սփիւռքին Յառած Ամուր հայեացքը». Սփիւռքահայ գործիչներ
«Հայերն այսօրը» տեղեկացուցած էր, որ ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի պատուիրակութեան կազմին մէջ ԱՄՆ գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Մարտ 26-ին Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական վարչութեան անդամ Յովսէփ Աւագեանի եւ ՀՄԸՄ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վահէ Թանաշեանի հետ: ՀՀ դեսպանատան մէջ կայացած հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:
«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին ՀՅԴ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական վարչութեան անդամ Յովսէփ Աւագեան նշեց, որ առաջին անգամն է, որ նման հանդիպում կը կայանար նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ. «Ներկաներս շատ տպաւորուած էինք շուրջ 2 ժամ տեւած հանդիպումէն: Այդ կարճ ժամանակուան մէջ անգամ զգացինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ յատկապէս նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի վերաբերմունքը, սէրն ու հոգածութիւնը Սփիւռքի համայնքներուն, կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն նկատմամբ: Հանդիպումը վեր հանեց այն բոլոր ջանքերը, որոնք կը գործադրուին, որպէսզի Հայրենիք-Սփիւռք կապը ոչ միայն ամուր ըլլայ, այլեւ` արդիւնաւէտ: Ու թէ ինչպէս պէտք է աշխատինք, գործակցինք, որպէսզի Սփիւռքը կարենայ նեցուկ դառնալ Հայաստանի հզօրացման»:
Յովսէփ Աւագեան նշեց, որ զրոյցի ընթացքին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարած է Սփիւռքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, միութիւններու նախաձեռնած այն բոլոր ձեռնարկները, գիտաժողովները, հաւաքներն ու բանակումները, որոնք կը կազմակերպուին Հայաստանի մէջ եւ կը նպաստեն` Հայաստան-Սփիւռք կապերու մերձեցման, սերտացման ու փոխճանաչողութեան: Միաժամանակ աւելցուց, որ Հրանոյշ Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնած է օժանդակելու, աջակցելու բոլոր այդ ձեռնարկներուն:
«Հանդիպման ընթացքին զգացինք, որ նախարարի ամէնօրեայ մտահոգութիւններու, ուշադրութեան կեդրոնին մէջ է նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու խնդիրը: Ան մանրամասն ներկայացուց այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կ’իրականացնէ ՀՀ կառավարութիւնը` աջակցելու համար Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն: Ամենաազդեցիկն այն էր, որ մենք զգացինք տիկին նախարարի անձնական մօտեցումը այս հարցին, անոր ապրումները, այս դժուար պահուն անոնց կողքին ըլլալու պատրաստակամութիւնը եւ ցանկութիւնը` ինչ-որ կերպ թեթեւցնելու Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու ցաւը: Այդ ամէնը մենք տեսանք անոր խօսքերուն եւ աչքերուն մէջ: Յուզուեցանք, երբ տիկին նախարարը խօսեցաւ, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը հոգայ նաեւ սուրիահայերու թաղման հարցերը, որպէսզի անոնք իրենց որբ չզգան»:
Պարոն Աւագեան նշեց, որ Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է նաեւ դժուարութիւններու, Գանատայի, եւրոպական երկիրներու մէջ հաստատուած սուրիահայերու մասին եւ խնդրած` աւելի լաւ աշխատանք տանիլ, որպէսզի բարձրաձայնուի այն բոլոր աշխատանքները, որոնք կ’իրականացնէ ՀՀ կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ:
«Ուրախ ենք եւ շնորհակալ, որ այս հնարաւորութիւնը ունեցանք: Տեսանք նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի Սփիւռքին յառած ամուր հայեացքը, հաստատակամութիւնը, որպէսզի ամուր մնան մեր յարաբերութիւնները, մէկտեղուին մեր բոլոր նպատակները»,-նշեց Յովսէփ Աւագեան ու աւելցուց, որ նախարարին խօսքերը, անոր հետ հանդիպումը մտորելու առիթ տուած են, թէ ինչպէս հնարաւոր է գործակցիլ եւ փորձել համախմբել ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի կրթական, գիտական, տնտեսական ներուժը` Հայաստանին օգտակար ըլլալու համար:
«Միասնաբար գործակցիլ` ի նպաստ Հայաստանի հզօրացման ու բարօրութեան, որպէսզի մեր երկրի, ժողովուրդի վիճակը լաւնայ, արտագաղթը նուազի եւ մարդիկ բարեկեցիկ կեանքով ապրին: Պէտք է իւրաքանչիւրս իր ոլորտին մէջ յստակ ծրագիրներ նախանշէ եւ ներկայացնէ նախարարին, որպէսզի միասնաբար, իւրաքանչիւրս մեր կարելիութիւններու սահմանին մէջ փորձենք օգտակար ըլլալ մեր հայրենիքին ու հայրենակիցներուն: Նախարարին խօսքերէն ետք միայն հասկցանք, որ ինչքան, առաջին հայեացքէն շատ պարզ թուացող, բաներ կան, որոնց մասին չենք մտածած անցեալին: Ինչպէս օրինակ` Հայաստան այցելելը, որմով կը նպաստենք զբօսաշրջութեան զարգացման, հայրենիքի մէջ դրամական հաշիւներ բանալը, տուն գնելը եւ այլն»,-«Հայերն այսօրի»ն հետ զրոյցին իր խօսքը եզրափակեց Յովսէփ Աւագեան:
ՀՄԸՄ Արեւելեան շրջանի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վահէ Թանաշեան «Հայերն այսօրի»ն հետ զրոյցին ըսաւ, որ հանդիպման ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան խօսած է նախարարութեան աշխատանքներուն, ծրագիրներուն մասին, անդրադարձած Ամերիկայի հայկական համայնքի դերակատարութեան` Հայաստանի հզօրացման նպաստելու համար:
«Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ միայն հզօր Հայաստանը կրնայ օգտակար ըլլալ ողջ հայութեան եւ, որ հզօր Հայաստանն է մեր միակ երաշխիքը` դիմագրաւուած խնդիրներու լուծման: Նախարարը նաեւ քաջալերեց միասնական ծրագիրներու իրագործումը, Հայաստանի մէջ 4 տարին անգամ մը իրականացուող ՀՄԸՄ-ի բանակումները եւ յորդորեց, որ քաջալերենք յատկապէս Սփիւռքի երիտասարդներուն Հայաստան այցելութիւնները»,-նշեց Վահէ Թանաշեան: