Ուաշինկթընի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուաց Հանդիսութիւններուն Եզրափակումը (լուսանկարներ)

9 Մայիս, 2015-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Մարյոթ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Կիլիկեան ու Էջմիածնական թեմերու, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպած եռօրեայ ձեռնարկներու եզրափակիչ ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու: Այս մասին կը հաղորդէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը։

Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ ամերիկացի զանազան պետական, քաղաքական ու օտար մտաւորականներ, որոնք հրաւիրուած էին յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելու եւ կամ պարգեւատրուելու՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Դատի աշխատանքներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան: Խօսք առին ու պարգեւները բաշխեցին երկու Վեհափառ Հայրապետները:

washington1

washington2

washignton3

washington4

washington5

washington6

washington7

washington8

Scroll Up