ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին մէջ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մեկնեցաւ Քուէյթի Պետութիւն
Մարտ 11-ին Քուէյթի վարչապետի հրաւէրով երկօրեայ պաշտօնական այցով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով մեկնեցաւ Քուէյթի Պետութիւն: Պատուիրակութեան կազմին մէջ է Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: ՀՀ վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Քուէյթի Պետութեան էմիր Սապահ Ալ-Ահմատ Ալ-Ճապէր Ալ Սապահի, խորհրդարանի նախագահ Մարզուք Ալ-Ղանիմի, վարչապետ Ճապէր Ալ-Մուպարաք Ալ-Համատ Ալ Սապահի հետ:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Քուէյթի ներդրումային գործակալութեան, Առեւտրաարդիւնաբերական պալատի եւ Քուէյթի հիմնադրամի ղեկավարութեան հետ:
Այցի ծիրէն ներս պատուիրակութիւնը պիտի հանդիպի Քուէյթի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն: