Մեկնարկած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Աշխատանքային Այցը ԱՄՆ. լուսանկարներ

Մարտ 28-ին մեկնարկած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան աշխատանքային այցը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որուն կազմին մէջ է նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Հանրապետութեան Նախագահը Մասաչուսէթս նահանգին մէջ այցելած է հայաշատ Ուոթերթաուն քաղաք, ուր հայերը անցեալ երկու դարերուն ընթացքին հիմնած են ազգային լուրջ կառոյցներ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը  տեղեկանայ ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Սերժ Սարգսեան նախ հիւրընկալուած է Ամերիկայի հայկական գրադարան-թանգարանին մէջ: Այն հիմնուած է 1971 թուականին: Թանգարանը հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող կարեւոր կառոյցներէն է` ունի դրամներու, հախճապակեայ իրերու, խեցեգործական իրերու, գորգերու, կրօնական պարագաներու, դրոշմանիշներու, կտորեղէնի, մետաղեայ իրերու, քարտէզներու, տպագիր նիւթերու եւ միջնադարեան մանրանկարչութեան հարուստ հաւաքածու: ՀՀ Նախագահը շրջած է գրադարան-թանգարանին մէջ, ծանօթացած ցուցադրանիւթին, մշակութային այս հաստատութեան գործունէութեան վերաբերեալ զրուցած պատասխանատուներուն հետ: Հանրապետութեան Նախագահը գրադարան-թանգարանի հաւաքածուն համալրած է Ժանսեմի ստեղծագործութիւններէն մէկով, որ նուէր  յանձնած է հաստատութեան:

Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ այցելած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան «Պայքար» եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Հայրենիք» կեդրոններ, ծանօթացած յիշեալ կեդրոններուն մէջ հայկական աւանդական այդ երկու կուսակցութիւններու ծաւալած գործունէութեանն ու պայմաններուն: Պոսթընի «Հայրենիք»-ը ԱՄՆ արեւելեան ափի ամենահին հայկական կեդրոնն է: Այստեղ  տեղակայուած են ՀՅԴ ԱՄՆ արեւելեան ափի գրասենեակը, Հայ օգնութեան միութեան կեդրոնակայանը, ինչպէս նաեւ «Հայրենիք» ձայնասփիւռի, «Armenian Weekly» եւ «Hayrenik Weekly» պարբերականներու խմբագրատուները: ՀՅԴ «Հայրենիք» կեդրոնին մէջ կը գտնուի նաեւ կուսակցութեան արխիւը, ուր կը պահուին 1918-1920 թուականներու Հայկական առաջին հանրապետութեան եւ ատոր յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին ՀՅԴ գործունէութեան վերաբերող նիւթերը: Կեդրոնին մէջ ՀՀ Նախագահը հանդիպում  ունեցած է ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն հետ: ՀՀ Նախագահը ողջունած եւ հաւասարապէս կարեւոր համարած է աւանդական կուսակցութիւններու ազգանուէր գործունէութիւնն ու մաղթած յաջողութիւններ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Միացեալ Նահանգներ այցի առաջին օրը եղած է նաեւ Պոսթընի Սուրբ Ստեփանոս եւ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցիներուն մէջ: Ի դէպ, 1991թ. Ուոթերթաունի հայկական համայնքի առաջարկով, Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ փողոցը վերանուանուած է «Արցախ», իսկ 2012թ․ Օգոստոս 6-ին Մասաչուսէթս նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է բանաձեւ, որմով կոչ կ’ընէր ԱՄՆ Նախագահին եւ Քոնկրէսին` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին:

Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի այցելութեամբ Մարտ 28-ին աւարտած է ՀՀ Նախագահի աշխատանքային այցի առաջին օրը: Սերժ Սարգսեան եկեղեցւոյ պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ կատարած գրառման մէջ ընդգծած է հայոց եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերակատարութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ` չափազանց կարեւոր համարելով այդ պատմական առաքելութիւնը:

16503_b 16471_b 16473_b 16475_b 16481_b 16486_b (1) 16487_b 16489_b 16492_b 16493_b 16495_b 16498_b

Scroll Up