Հա­լէպ­ցի կի­նը` գո­յա­տե­ւում, վճ­ռա­կա­մու­թիւն, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հա­լէ­պի ճար­տա­րար­ուես­տի պա­լա­տի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին, Հա­լէ­պի «Նէտ­ուէթ Շահ­պ­աա» ցու­ցաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եռօր­եայ ցու­ցա­հան­դէս մը «Հա­լէպ­ցի կի­նը` գո­յա­տե­ւում, վճ­ռա­կա­մու­թիւն, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն» վեր­նա­գի­րով, 14,15 եւ 16 Մարտ 2016-ին:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րե­ցին Հա­լէ­պի նա­հան­գա­պետ Մար­ուան Ու­լա­պի, Հա­լէ­պի Ճար­տա­րար­ուես­տի պա­լա­տի նա­խա­գահ Ֆա­րէս Շա­հա­պի եւ Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Ալին Լահ­տօ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին նպա­տակն էր քա­ջա­լե­րել ար­հեստ­նե­րու եւ մի­ջին ու փոքր ար­դիւ­նա­բե­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու տէր կի­նե­րը, առիթ ըն­ծա­յել անոնց` ցու­ցադ­րե­լու եւ վա­ճա­ռե­լու իրենց ար­տադ­րան­քը, որ­պէս­զի սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի դժն­դակ պայ­ման­նե­րուն մէջ, կա­նայք կա­րե­նան նպաս­տել իրենց ըն­տա­նե­կան օրա­պա­հի­կի ապա­հով­ման:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի 80 մաս­նա­կից­նե­րը, որոնց մէջ նա­եւ հա­յու­հի­ներ, ցու­ցադ­րե­ցին հան­դեր­ձի, ասեղ­նա­գոր­ծու­թեան, զար­դե­ղէ­նի եւ ու­տես­տե­ղէ­նի ճոխ տե­սա­կա­նի, որուն մէջ կ՛ար­տա­ցո­լար Հա­լէ­պի բազ­մե­րանգ մշա­կոյ­թը:

Գոր­ծա­րար յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի Ալին Լահ­տօ այս առի­թով ըսաւ, թէ նման ձեռ­նարկ­նե­րու ընդ­մէ­ջէն հա­լէպ­ցի կի­նը իր պատ­գա­մը կը փո­խան­ցէ ողջ աշ­խար­հին` ըսե­լով, որ ան պա­տե­րազ­մի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւէ կեան­քին կառ­չե­լով, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լով, ար­տադ­րե­լով եւ սուր­ի­ա­կան ըն­կե­րու­թեան վե­րել­քին նպաս­տե­լով:

Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բը նման ձեռ­նարկ­նե­րու կող­քին, կը կազ­մա­կեր­պէ նա­եւ կնոջ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան հմ­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման եւ ըն­տա­նե­կան տըն­տե­սու­թեան նպաս­տող «Ճար­տար կի­ներ» խո­րա­գի­րը կրող դա­սըն­թացք­ներ:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի աւար­տին, վե­րո­յիշ­եալ դա­սըն­թաց­քի երկ­րորդ հանգր­ուա­նի մաս­նա­կից­նե­րը հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­գիր­ներ ստա­ցան:

Յատ­կան­շա­կան էր հա­լէ­պա­հայ կի­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւնը ե՛ւ ցու­ցա­հան­դէ­սին, ե՛ւ կազ­մա­կերպը­ւած դա­սըն­թացք­նե­րուն, որ Սուր­ի­ա­կան Հայ­րե­նի­քի վե­րա­կանգ­նու­մի ծրա­գիր­նե­րուն մաս­նա­կից դառ­նա­լու գե­ղեց­կա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թիւնը կը հան­դի­սա­նար:

Այս առի­թով մաս­նա­կից հա­յու­հի­նե­րը ար­ժա­նա­ցան Ճար­տա­րար­ուես­տի պա­լա­տի նա­խա­գահ Ֆա­րէս Շա­հապիի եւ Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բին գնա­հա­տան­քին ու քա­ջա­լե­րան­քին:

Տե­ղին է նշել, որ Հա­լէ­պի Ճար­տա­րար­ուես­տի պա­լա­տի Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու -Յանձ­նա­խում­բին (14 ան­դամ­նե­րէ բաց­կա­ցած) մաս կը կազ­մեն եր­կու հա­յու­հի­ներ` Սո­նա Գաբրի­էլ­եան եւ Անի Մար­կոս­եան:

Շա­բաթ, 19 Մարտ 2016-ին, Սուր­իոյ Ճար­տա­րար­ուես­տի պա­լա­տի նա­խա­գահ Ֆա­րէս Շա­հապիի տի­կի­նը` Շի­րին Շա­հա­պի, Գոր­ծա­րար Տի­կին­նե­րու Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պե­տու­հի Ալին Լահ­տո­յի եւ յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Սո­նա Գաբրի­էլ­եա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ այ­ցե­լեց Ազգ. Պատս­պա­րան, ուր դի­մա­ւոր­ուե­ցաւ ՍՕԽ-ի Շրջ. Վար­չու­թեան եւ Պատս­պա­րա­նի Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ:

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Ազգ. Պատս­պա­րա­նի գոր­ծու­նէ­ու­թեան ու կա­ռոյ­ցի վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին զե­կոյց:

Այ­ցե­լու­նե­րը գնա­հա­տե­ցին պատս­պար­եալ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թիւնն ու ՍՕԽ-ի նուի­րա­կան աշ­խա­տան­քը:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up