ԱՄՆ-ի Թրքական Կազմակերպութիւնները Միաւորուած Են` Ընդդէմ Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման

ԱՄՆ-ի մէջ գործող թրքական աւելի քան 150 կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ ձեւաւորուած է «Թուրք-ամերիկեան ազգային  ղեկավար կոմիտէ» (Turkish American National Steering Committee – TASC), որն իր առջեւ նպատակ  դրած է պայքարիլ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման դէմ, կը գրէ  Ermenihaber.am-ը:

Թրքական «sabah» թերթի կայքի հաղորդմամբ` TASC-ի տարածած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ  իրենց նպատակն է ԱՄՆ-ի հասարակութեան իրազեկել  եւ  ցոյց տալ «պատմական ճշմարտութիւնը» Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:Կը նշուի նաեւ, որ կոմիտէի նպատակներէն է նպաստել ԱՄՆ-ի քաղաքական, սոցիալական, տնտեսական եւ  մշակութային կեանքին մէջ թուրք հանրութեան ներգրաւուածութեան բարձրացման, ԱՄՆ-ի իշխանական ծիրէն ներս Թուրքիոյ ռազմավարական կարեւորութեան գիտակցման եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ Թուրքիոյ մասին դրական ընկալումներու ձեւաւորման:

Կոմիտէի հիմնադիրներն են Իպրահիմ Ույարը, Կիւնա Օւունչը. Տերեայ Թաշքինը, Մուրաթ Կիւզելը եւ այլք:

Յիշեցնենք, որ նոյն Մարտի 18-ին Թուրքիոյ մէջ այս տարի իրականացուած էին Կալիփոլիի տօնակատարութիւնները` ի տարբերութիւն նախորդ տարուան, երբ միտումնաւոր կերպով այդ ձեռնարկները տեղափոխուած էին Ապրիլի 24-ին:

Scroll Up