Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արաբերէն Առաջին Ֆիլմը` Նիւ Եորքի Ֆիլմի Փառատօնի Մրցանակակիր

«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը հանդիսատեսի համակրանք մրցանակին  արժանացած է Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» ֆիլմի փառատօնին: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնեն ֆիլմի հեղինակները, որոնք ներկայ եղած են փառատօնին:

Մարտ 15-22 կայացած Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» փառատօնին յաղթող  ճանչցուած է մէկ այլ եգիպտական ֆիլմ` «Մինչ գարուն» (Before the Spring):
«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերուն կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած  եղած է: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:

Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է 2015 թուականի Նոյեմբեր 8-ին, Գահիրէի մէջ:

ֆիլմ ֆիլմ1

Scroll Up