Ամերիկացի Հայագէտ Փիթեր Քաուին Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Մարտ 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Լոս Անճելըսի  Քալիֆորնիոյ  համալսարանի հայոց լեզուի եւ մշակոյթի «Նարեկացի» ամպիոնի փրոֆէսոր Փիթեր Քաուին:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց հայագէտ գիտնականի ազգանուէր գործունէութիւնը, յատկապէս, երիտասարդութեան հայագիտական խոր գիտելիքներ հաղորդելու անոր ջանքերը:

Փրոֆէսոր Փիթեր Քաուին կը դասաւանդէ նաեւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, նախարարին հրաւիրեց մասնակցելու «Հայկական Ռեքուիէմ» երեկոյթին, որմով Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ կը մեկնարկէ ասպիրանտական եռօրեայ ծրագիր` նուիրուած ժամանակակից հայ ինքնութեան կերտման գործընթացին:

Քննարկուեցան Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներուն սփիւռքի երիտասարդներու մասնակցութեան աշխուժացման հարցեր, ազգային ինքնութեան պահպանման, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Scroll Up