Հալէպի Մէջ Հայ Զինծառայող Մը Զոհուեցաւ

Երէկ, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումի զինեալները փորձած են ներթափանցել Հալէպի արդիւնաբերական շրջան՝ Շէյխ Նաճճար, սակայն սուրիական բանակը ետ մղած է յարձակումը։ Բախումներու ընթացքին սուրիական բանակը տուած է զոհեր, որոնց կարգին է հայազգի սուրիական բանակի զինծառայող 1994-ի ծնունդ Գէորգ Մկրտիչեան։

Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Scroll Up