ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը «Մայրենիի Դեսպան» Մետալով Պարգեւատրեց Բեմադրիչ Մանանա Յակոբեանը

Մարտ 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց բեմադրիչ, հեռուստահաղորդումներու հեղինակ Մանանա Յակոբեանը:

Մանանա Յակոբեան առաջինն էր, որ 10 տարի առաջ նախաձեռնեց եւ կեանքի կոչեց «Աշխարհի հայերը» հաղորդաշարը, որ հեռարձակուած է Հ1 եւ «Արմէնիա» հեռուստաընկերութիւններու` մեթրային եւ արբանեակային ալիքներով:

Կարեւոր համարելով աշխարհասփիւռ նշանաւոր հայերուն եւ՛ Հայրենիքի, եւ՛ Սփիւռքի մէջ ճանաչելի դարձնելու հաղորդաշարի առաքելութիւնը` նախարարը նշեց. «Ծագումով հայեր» հաղորդումը ծառայում է իր նպատակին` յատկապէս երիտասարդ սերնդի  շրջանում արթնացնելով եւ զօրացնելով հպարտութեան զգացումն ու սէրը հայ ազգի ու Հայրենիքի հանդէպ: «Ծագումով հայեր» հաղորդաշարից յետագայում օրինակ վերցրին այլ հեռուստաընկերութիւններ եւս` ստեղծելով նմանատիպ հաղորդաշարեր, եւ մենք ուրախ ենք դրա համար, քանի որ որքան շատ լինեն այդօրինակ հաղորդումները, այդքան մեր ազգին պատիւ կը բերեն եւ ճանաչելի կը դարձնեն»:

 Բարձր գնահատելով Մանանա Յակոբեանի` Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, մայրենիի պահպանման ու տարածման, ազգային ներուժի բացայայտման ուղղուած, ինչպէս նաեւ հայկական ֆիլմի արուեստի զարգացման գործին  մէջ ներդրած ջանքերն ու նուիրումը, նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անոր պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով:

 Մանանա Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ անձամբ նախարարին` տարիներ շարունակ հաղորդման սատար կանգնելու համար եւ նշեց, որ պարգեւը պարտաւորեցնող է եւ այսուհետ առաւել մեծ ջանքերով պիտի փորձէ իրականացնել հայապահպանութեան ուղղուած իր բոլոր նախաձեռնութիւնները եւ հեռուստանախագիծերը:

Scroll Up