Իրքուտսկի Հայկական Համայնքի Յաղթանակը
ՌԴ Իրքուտսկ քաղաքի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած «Իրքուտսկի լաւագոյն ազգային-մշակութային կեդրոն-2015» ամէնամեայ մրցոյթի յաղթող ճանչցուած է Իրքուտսկի հայ համայնքը: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Իրքուտսկի հայկական մշակութային կեդրոնի նախագահ Սամուէլ Ոսկանեան:
«Անկեղծ ըսեմ` յաղթանակը սպասելի էր, քանի որ 2015 թուականին ընթացքին համայնքը բուռն գործունէութիւն ծաւալած է, բարեգործական տարբեր ձեռնարկներու մասնակցած: Բարձր մակարդակով կազմակերպած ենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները: Ցեղասպանութեան անմեղ նահատակներուն նուիրուած յուշակոթող բացած ենք: Փաստօրէն, մեր կատարած աշխատանքերը չվրիպեցան Իրքուտսկի պետական կառոյցներու ուշադրութենէն»,-ըսաւ պարոն Ոսկանեան:
Մրցոյթի արդիւնքները ամփոփած է 11 հոգիէ բաղկացած ժիւրին, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած եղած են պատգամաւորներ եւ պետական այլ պաշտօնեաններ:
Իբրեւ խրախուսական մրցանակ` համայնքը դրամական պարգեւ եւ պատուոգիր ստացած է: Ամբողջ գումարը ծախսուած է երեխաներուն համար Ամանորեայ ձեռնարկ կազմակերպելու եւ նուէրներ գնելու համար:
Կարեւոր համարելով նման նախաձեռնութիւններու իրականացումը` Սամուէլ Ոսկանեան ընդգծեց.«Գտնուելով օտար հողի վրայ` կ’ոգեւորուինք եւ ուժ կը ստանանք, որ Իրքուտսկի քաղաքային իշխանութիւնները կը գնահատեն հայ ժողովուրդը` արժանացնելով ջերմ վերաբերմունքի: Սակայն աւելցնեմ, որ այդ ամէնուն հասած ենք մեր համախմբուածութեան եւ աշխատասիրութեան շնորհիւ»:
Խօսելով համայնքի մասին` Սամուէլ Ոսկանեան ըսաւ, որ կենսունակ համայնք է: Համայնքային կեանքէն ներս կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայկական մշակութային միութիւնը: Կը գործէ նաեւ Կիրակնօրեայ դպրոց, ուր կը դասաւանդուի հայոց լեզու, հայ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն եւ այլ առարկաներ:
Հայ երեխաները հայկական մշակոյթին հաղորդակից դարձնելու համար հնարաւորութիւն ունին յաճախելու «Ուրարտու» պարախումբ, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Գայեանէ Պրսոյեանն է:
Երկար տարիներու պատմութիւն ունի նաեւ Մարտին Ղազարեանի հիմնած «Հիանալի եօթնեակ» տուտուկահարներու խումբը:
Խօսելով համայնքի յաջողութիւններուն մասին` Սամուէլ Ոսկանեան նաեւ նշեց, որ համայնքի ֆութպոլի եւ ՈւՀԱ-ի խումերը յաղթող ճանչցուած են համապատասխան մրցաշարերուն:
Զրոյցին աւարտին համայնքի ղեկավարը աւելցուց, որ համայնքէն ներս աշխուժութիւն յառաջացած է նաեւ 2014 թուականէն Իրքուտսկի թիւ 32 դպրոցին կից գործող Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի դպրոցը, որուն բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան ու Հայաստանի ճատրակի ակադեմիոյ հիմնադիր-նախագահ Սմբատ Լպուտեան: Դպրոց կը յաճախեն շուրջ 60 ճատրակ սիրողներ, ոչ միայն հայեր, այլեւ ռուսեր, ուզպեքներ, տաճիկներ:
Գէորգ Չիչեան