5 Տարի Անց…
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/03/Սիրիա-5-տարի.jpg)
Այսօր կը լրանայ Սուրիական պատերազմի 5 տարին: 2011 թուականի Մարտ 15-ին երբեմնի ծաղկուն Սուրիան վերածուեցաւ պատերազմական թատերաբեմի: «Հայերն այսօր»-ը յետահայեաց անդրադարձ կատարած է կորուստի, ցաւի, կտրուկ իրադարձութիւններով լեցուն այս 5 տարիներուն եւ ամփոփած 5 կարեւոր կէտերով:
Սուրիան եւ հայ համայնքը` 5 տարի առաջ
Սուրիոյ հայ համայնքը Մերձաւոր Արեւելքի ամենահին ու աւանդական համայնքներէն մէկն է, որուն շատ յաճախ կ’անուանեն նաեւ Սփիւռքի մայր համայնք: Այն վերակազմաւորուած է Հայոց ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ հայաթափումէն ետք : 2011 թուականին սուրիահայ համայնքը պաշտօնապէս կը հաշուէր 100.000: Կը գործէին բազմաթիւ մշակութային, բարեգործական, եկեղեցական միութիւններ: Պատերազմէն առաջ գործող հայկական դպրոցներուն (թէ՛ ամէնօրեայ, թէ՛ կիրակնօրեայ) թիւը կ’անցնէր 30-ը: Սուրիահայերը ներգրաւուած էին հիմնականին մէջ արհեստներու եւ գործարարութեան ոլորտին մէջ:
5 տարի անց
Այսօր Սուրիոյ մէջ հայերու թիւը էապէս կրճատուած է: Անոնց մէկ մասը հաստատուած է Հայաստան ու այստեղ գտած իր ներկան ու ապագան: Շատերն ալ իրենց նոր տունը գտած են Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի կամ Գանատայի մէջ: Շուրջ տասնհինգ հազարանոց համայնքը, սակայն, նախկինի պէս մեծ յարգանք կը վայելէ Սուրիոյ մէջ: Հայաստանի մէջ այսօր կը բնակի 16-17 հազար սուրիահայ: Սուրիահայերու մօտ 80 տոկոսը ունի Հայաստանի քաղաքացիութիւն, մօտ 20 տոկոսը` տարբեր տեւողութեան կեցութեան կարգավիճակ, իսկ ընդամէնը 500-600 մարդ` փախստականի կարգավիճակ:
5 կորուստներ, որ կրեց հայ համայնքը 5 տարիներուն ընթացքին
Թիւ մէկ կորուստը, անշուշ, մարդկայինն է: 5 տարիներուն ընթացքին աւելի քան հարիւր սուրիահայ զոհուած է:
Քիչ չեն նաեւ նիւթական կորուստները: Հայերը բաւականին ապահովուած խաւ էին Սուրիոյ մէջ, եւ այսօր անոնց մեծ մասը կորսնցուցած է իր ունեցուածքը:
Կորուստ է նաեւ համայնքի նօսրացումը: Պատերազմի հետեւանքով մասնատուեցաւ Սփիւռքի մայր համայնքը, ուր կ’ապրէին աւանդական սփիւռքի կրողները, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ժառանգները:
5 տարիներուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ աւերուեցան, վնասուեցան բազում հայկական եկեղեցիներ, սրբավայրեր: Բոլորիս յիշողութիւններուն մէջ դեռ թարմ է 2014-ի Սեպտեմբեր 21-ին` Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց յուշահամալիրի պայթեցումը ISIS-ի գրոհայիններուն կողմէ: Այս բարբարոսութիւնը լայն արձագանք գտաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, միջազգային հանրութիւնը հանդէս եկաւ դատապարտող յայտարարութիւններով:
Կորուստներու շարքին մէջ կարեւոր է նաեւ արեւմտահայերէնի նահանջը: Սուրիահայերը բնակութիւն հաստատելով Հայաստանի կամ այլ երկիրներու մէջ եւ յայտնուելով նոր միջավայրի մէջ` սկսան աւելի պակաս խօսիլ արեւմտահայերէնով:
5 առաջնային խնդիրներ, որոնք ծառացած են Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն առջեւ
Եթէ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայրենակիցները ունեցան ապահովութեան, ջուրի, ելեկտրականութեան, վառելիքի հետ կապուած դժուարութիւններ, ապա Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն առջեւ ծառացան հետեւեալ խնդիրները:
Բնակարանի խնդիր
Աշխատանքի խնդիր
Ընդելուզման խնդիր
Լեզուական խնդիր
Հոգեբանական խնդիրներ
«Ձեռքբերումներ», որ տրուեցան պատերազմի հետեւանքով
Սուրիական պատերազմը եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ դժբախտութիւնը, իւրայինի ցաւը կը միաւորէ մեզի եւ ուժեղ կը դարձնէ: Տեղին է յիշել պետական մարմիններու, հոգեւոր կառոյցներու, համահայկական, բարեգործական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու աջակցութիւնը` միտուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման: Ինչպէս նաեւ այս տարիներուն ընթացքին կազմակերպուած բազմաթիւ դրամահաւաքները, բարեսիրական հիմնադրամները, որոնք կոչուած են օգնելու սուրիահայերուն: Միայն վերջերս Սուրիահայերու օգնութեան մարմինը 1 204 850 ԱՄՆ տոլար հանգանակեց ` ի նպաստ սուրիահայութեան:
Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերէն շատերուն համար Հայրենիքը այլեւս երազ չէ, անոնք իրենց վերջնական հանգրուանը կը տեսնեն միմիայն հայրենիքի մէջ: Գիտակցելով հայաստանեան իրականութեան, միջավայրի դժուարութիւնները` անոնք պատրաստ են իրենց կեանքի նոր էջը սկսիլ հայրենիքի մէջ, մասնակիցը դառնալ Հայաստանի հզօրացման ու զարգացման: Շուրջ 20.000 սուրիահայեր այս տարիներուն եկան Հայաստան, անոնցմէ 16-17 հազարը արդէն հաստատուած է Հայրենիքի մէջ ու իր ապագան այստեղ կը կառուցէ:
Հայաստան հաստատուած բազմաթիւ սուրիահայեր իրենց սեփական գործը ձեռնարկեցին այստեղ` նոր շունչ տալով տնտեսութեան: Հայաստանի մէջ 300 եւ աւելի կայացած սուրիահայ գործարարներ կան: 500-է աւելի սուրիահայ աշխատանքի տեղաւորուած է փոքր գործարարութեան մէջ կայացած սուրիահայ գործարարներու մօտ:
Սուրիահայերը նաեւ իրենց մշակոյթը բերին Հայաստան: Այսօր սուրիական ճաշատեսակները, ձեռագործները յայտնի են գրեթէ բոլորին, իսկ արեւմտահայերէնով խօսող մեր հայրենակիցներու խօսքը այլեւս խորթ չէ հայաստանցիներու ականջին: Ըսել է թէ` գործնական դրսեւորում ստացաւ Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումը:
Պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի մէջ հանգրուան գտած սուրիահայերը շօշափելի կերպով զգացին իրենց կողքին Հայաստան պետութեան շունչը, որ առաջին իսկ օրերէն իր ձեռքը մեկնեց կարիքի մէջ յայտնուած իր հայրենակիցներուն: Այսօր սուրիահայերը Հայաստանի մէջ բազմաթիւ արտօնութիւններէ կ’օգտուին, Պետութիւնը եւ մասնաւորապէս` Սփիւռքի նախարարութիւնը կը փորձէ լուծել անոնց յուզող խնդիրները ու կ’օգնէ ոտքի կանգնիլ Հայրենիքի մէջ:
Պատրաստեց Ճուլիէտա Մաթեւոսեան