Մահացած Է Ամերիկահայ Յայտնի Լրագրող Պէն Պաղտիկեանը

«Հայերն այսօրի» փոխանցմամբ` Մարտ 11-ին, 96 տարեկան հասակին մահացած է ամերիկահայ ճանչցուած  լրագրող, քննադատ Պէն Պաղտիկեանը:

Մեծ հեղինակութիւն վայելող ամերիկեան մետիա քննադատ, արհեստավարժ լրագրող, մանկավարժ, Քալիֆոռնիոյ համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վաստակաւոր տնօրէն, լրագրութեան ասպարէզին մէջ ամենահեղինակաւոր Պուլիցերեան մրցանակակիր, ամերիկեան յայտնի «Ուաշինկթըն փոսթ» գրասենեակի նախագահ, աւելի ուշ միեւնոյն թերթի ազգային լուրերու պատասխանատու խմբագիր, յետագային նաեւ պարբերականի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Պէն Պաղտիկեան ծնած է 1920թ Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ քաղաքին մէջ:
Շատ փոքր հասակին, երբ  մայրը մահացած է, ան մեծցած է մանկատան մէջ, որն ալ  պատճառ դարձած է, որ մոռնայ մայրենի լեզուն:

Լրագրողի մասնկագիտական աշխատանքը սկսած է 1941թ-էն` աշխատելով ոլորտի ամենահեղիանակաւոր լրատուամիջոցներուն մէջ: Միեւնոյն ժամանակ քննադատական յօդուածներ գրած է զանգուածային լրատուամիջոցներու հասցէին: 1951թ Պաղտիկեան քանի մը տարի աշխատած է որպէս “Morning union” հանդէսի թղթակից:

1960-ականներուն անոր նկատած է «Ուաշինկթըն փոսթ» պարբերականի ղեկավարութիւնը եւ հրաւիրած աշխատանքի: Այդ տարիներուն ալ աճած է Պէն Պաղտիկեան լրագրողի հեղինակութիւնը:

1970-ականներուն Պաղտիկեան արդէն պարբերականի գլխաւոր խմբագիրն էր: Միեւնոյն ժամանակ համագործակցած է «Նիւ Եորք թայմս»-ի, «Պոսթօն Կլոպէի, «Ֆորչուն»-ի, «Թայմ»-ի եւ արեւմտեան Ամերիկայի  շարք մը այլ հանդէսներու հետ:
Անոր կը պատուիրէին գիրքեր գրել երկրին մէջ տեղի ունեցող առանձին սոցաիալական գործընթացներուն վերաբերեալ:
1971թ «Հարպեր եւ Ռոու» հրատարակչութիւնը տպագրած է Պաղտիկեանի «Տեղեկատուական մեքենանաներ» գիրքը, որուն մէջ հեղինակը բացայայտած է տեղեկատուութիւն հաւաքելու եւ սպառողին հասցնելու մասնագիտական իւրայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ ատոր ընկալումը սպառողին կողմէ:
1975թ` Հայոց ցեղասպանութեան 60-րդ տարելիցին, ամերիկեան պարբերականները սկսան նախազգուշացնել հայերու կողմէ պատրաստուող ծրագիրներու մասին: Նման աշրաւի հեղինակները թուրքերու կողմէ վարձուած հանդէսներն էին: Պաղտիկեան չդիմանալով նման զեղծարարութեան, գործի դրաւ մասնագիտական ողջ ներուժն ու նման յայտարարութիւններով հանդէս եկող պարբերականներէն մէկուն խմբագրութեան ստիպեց հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել իրենց տպագրած ստայօդ լուրերուն համար:
Ատկէ ետք, քիչ թէ շատ ինքզինք յարգող հեղինակ Հայկական թեման քննարկման առարկայ դարձնելէ առաջ  երկար ծանր ու թեթեւ կ’ընէր եւ սեփական միտքերը արտայայտելէ առաջ մանրակրկիտ կը զննէր:
Պաղտիկեանի ելոյթները Հայկական թեմայով օգնեցին անցնիլ ռուպիկոնը: Ան միացաւ Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան: Սկսաւ յօդուածներ գրել նաեւ արտերկիրներու մէջ հրատարակուող հայկական պարբերականներուն մէջ եւ կանոնանաւոր կերպով յաճախել հայկական եկեղեցի:

1978թ Պաղտիկեան հրաւէր ստացաւ մշտական դասախօսելու Պերքլիի համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքին մէջ: 1982թ Պաղտիկեանին շնորհուեցաւ դոկտորի կոչում: Անոր հեղինակած գիրքերէն են «Ես հայ եմ»` 2000թ, «Պէն Պաղտիկեան. լրագող յանուն արդարութեան»:

Ամենամեծ հեղինակութիւն վայելող հայ լրագրողի մրցանակներու եւ պարգեւներու շարքը կը համալրեն լրագրութեան ասպարէզին մէջ հետազօտութիւններու եւ քննադատութիւններու համար շնորհուած Պուլիցերեան մրցանակը, ամերիկեան հասարակութեան լրագրութեան դպրոցի վարչութեան կողմէ շնորհուած «Լրագրութեան ասպարէզին մէջ ամենաճանչցուած քննադատ» մրցանակը, Ճէյմս Մետիսոնի անուան մրցանակը, ամերիկեան գրադարաններու միութեան մրցանակը եւ այլն:

 

Scroll Up