Իմ Հոգիս Գտած Եմ Երեւանի Մէջ. Սասնուհի Պասկեւիչեան

Սասնուհի Պասկեւիչեան, ծնելով եւ մեծնալով արուեստագէտներու  ընտանիքի մէջ, հայեցի ու հայկական մթնոլորտի մէջ, այնուամենայնիւ` կ’ապրէր օտար երկրի` ԱՄՆ-ի մէջ: 14 տարեկանին գալով Հայաստան` շատ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, սակայն ծնողներու ճիշդ դաստիարակութիւնը եւ սէրն առ հայրենիք` անոր օգնեցին յաղթահարել բոլոր անհարթութիւնները: Հայուհի Սասնուհիի հետ«Հայերն այսօրի» թղթակիցը խօսած է ամերիկահայ կեանքի, հայկական արժէքներու եւ յայտնի հօր` երգահան, ժողովրդական արուեստագէտ Սասուն Պասկեւիչեանի դուստրը ըլլալու պարտաւորութիւններու եւ առաւելութիւններու մասին:

Սասնուհի՛, պասկեւիչեաններու տոհմը յայտնի զաւակներ ունեցած է` ի դեմս քո հայրիկը: Ուրկէ եկած է պասկեւիչեան ազգանունը՞, եւ որուն հետ  կը կապուի՞ այն:

-Այս հարցը շատ յաճախ կու տան, սակայն պիտի նշեմ, որ պապիկս եւ տատիկս երեւանցիներ  եղած են, իսկ ազգանունը` Պասկեւիչեան, հետաքրքիր պատմութիւն ունի: Այն օրը, երբ զօրավար Պասկեւիչի բանակը յաղթած է, ծնած է իմ պապիս պապը, ու անոր` ի պատիւ զօրավարին, անուանած են Պասկեւիչ: Ինչպէս շատ յաճախ, այնպէս ալ մեր պարագային, պապի անունը թոռներու ու ծոռներու համար դարձած է ազգանուն: Ահա այսպէս` յառաջացած է մեր տոհմի Պասկեւիչեան ազգանունը:

Սասնուհի՛, ծնած ես Ամերիկայի մէջ: Ինչը  ժամանակին ստիպած է հայրենասէր երգահանին հեռանալ հայրենիքէն եւ երեխաներուն մեծցնել օտար հողի՞ վրայ:

– Հայրս գաղթած է ԱՄՆ 80-ականներուն, երբ դեռ կ’իշխէին համայնավարական բարքերը եւ արժէքները: Այդ քայլը ժամանակին շատ ըմբոստ էր, վիրաւորական իշխող վարչակարգին համար: Իրականութեան մէջ հայրս նպատակ ունէր մօտ ապագային վերադառնալ`  քանի մը ամիս անց: Սակայն ամիսները դարձան տարիներ` 25 երկար ու ձիգ տարիներ: Ես ծնած եմ ԱՄՆ-ի մէջ, մանկութիւնս ամբողջութեամբ եւ պատանեկութեանս  փոքրիկ պատառիկ մը անցած է այնտեղ: 14 տարեկան էի, երբ վերջապէս հասունացաւ հայրենիք վերադառնալու եւ մշտապէս այստեղ հաստատուելու պահը: Ի հարկէ, երբ նոր  տեղափոխուած էինք, կը մտածէի, որ անպայման պիտի վերադառնամ ԱՄՆ: Սակայն ատիկա չեղաւ: 2016 թուականն է արդէն, ես այստեղ եմ, կ’ապրիմ հայրենիքի մէջ ըլլալու երջանկութիւնը` մշտապէս այն վայելելու ակնկալիքով:

Սասնուհի՛, օտար միջավայրի մէջ ալ  քու ընտանիքդ ստեղծեց հայկականութեան  ջերմ մթնոլորտ մը: Հայրիկդ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնեց հայկական համայնքի համար առաջին հայալեզու հեռուստակայանը: Որքան այն գործեց եւ ի՞նչ փոխեց ձեր եւ հայկական համայնքի կեանքէ՞ն ներս:

-Այո՛, հայրիկս, ըլլալով յատուկ մարդ, որոշեց իր ստեղծագործ միտքերէն մէկը իրականութիւն դարձնել: Այդպէս ծնաւ հեռուստակայանը, որուն եւ՛ խմբագիրը, եւ՛ բեմադրիչը, եւ՛ արտադրողը, եւ՛ լրագրողը հայրս էր: Հաղորդավարուհին մայրս էր, որ նաեւ մասնագիտութեամբ բանասէր է եւ մինչ ԱՄՆ տեղափոխուիլը կ’աշխատէր Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ: Անդրադարձ կար բոլոր ոլորտներուն` մշակոյթ, տնտեսութիւն, ֆինանսներ, արուեստ եւ այլն: Շատ էին դիտողները, սակայն 15 տարի ծաղկելէ յետոյ, որոշ խոչընդոտներու պատճառով հեռարձակումը դադրեցաւ: Ես փոքր էի այդ տարիներուն, սակայն իմ մասնակցութիւնս կ’ունենայի մանկական հաղորդումներուն: Մի գուցէ գայ այն օրը, որ դարձեալ  փնտրեմ այդ ոլորտը:

Այո՛, անկասկած հայրենիքը եւ հայկականը միշտ իշխած է ձեր տան պատերէն ներս, սակայն ինչպէս կը համադրէիք տան մէջ գերակայող հայկականն ու դուրսը առկա ամերիկեանը՞:

-Մեր բախտը շատ  բերած է, քանի որ ծնողներս շատ հայրենասէր են, հայասէր: Ամերիկեան միջավայրին մէջ դժուար է հայեցի դաստիարակութիւն տալ երեխաներուն, հայ մնալ` իմանալով սեփական մշակոյթը, պատմութիւնը, աւանդոյթները: Սակայն իմ ծնողներս, արեան կանչով ու հայրենիքի սիրով ապրելով, նոյնը սերմանած են մեր մէջ, մեր արեան ու մտածելակերպին մէջ: Սակայն մէկ բան չեմ կրնար չնշել: Ծնողներս, ըլլալով այդքան հայ ու հայեցի, երբեք մեզ ցեղապաշտական մտքերով չեն սնած, թշնամաբար չեն տրամադրած դուրսի, այլազգիներու հանդէպ: Մենք շփուած ենք բոլորին հետ, եւ ատիկա անխուսափելի է: Եթէ ընտրած ես տուեալ երկիրը քու կեանքդ ապրելու համար, ապա պիտի ընդունես նաեւ անոր մարդիկն ու մշակոյթը: Մենք օտար մշակոյթին առնչուած ենք, փորձած ատոր մէջ առկայ դրական երեւոյթները վերցնել, համադրել մեր մշակութային հիմքին, արժէքներուն, եւ ատկէ մեր` հայու նկարագիրը չէ խաթարուած:

Սասնուհի՛, սակայն գիտեմ, որ գալով այստեղ` մշակութային ցնցում  ապրած ես, դժուարութիւններու հանդիպելով: Ինչու ընդելուզումը հայաստանեան հասարակութեան հետ այդքան երկար տեւե՞ց:

-Զբօսաշրջիկի աչքով նայիլը այլ է, այստեղ ապրիլը` այլ: Մենք վերադարձանք 2000-ականներուն, երբ երկիրը նոր  ոտքի կը կանգնէր: Այսօրուան հետ համեմատել անկարելի է: 5-6 տարի հոգեպէս տառապած եմ, դժուարութիւններ ունեցած դպրոցական շրջապատին մէջ, չնայած իմ ծայրաստիճան ընկերասէր ըլլալուս` ինծի քիչերը  կ’ընդունէին: Ի հարկէ, յետագային հանդիպեցայ մարդոց, որոնք դարձան իմ հոգեւոր կղզեակի բնակիչները, սակայն ատիկա եղաւ աւելի ուշ, երբ որպէս հաստատուած անձնաւորութիւն ձեւաւորուած էի: Դժուար տարիները չէի յաղթահարեր, եթէ ընտանիքս, հարազատներս կողքս չըլլային: Մայրս մեզի համար լաւ ընկեր ու հոգեբան է, որ ամէն պահի պատրաստ է գօտեպնդելու, խրախուսելու: Հիմա այդ տարիները անցեալին են` իմ կեանքիս պատմութեան մէկ մասը: Ես հպարտ եմ այստեղ ապրելուս համար: Իմ հոգիս գտած եմ Երեւանի մէջ:

Ինչպիսին է այսօր քու առօրեա՞դ` աշխատանք, նախասիրութիւններ եւ երազանքներ:

-Իմ հիմնական աշխատանքս Ասիական զարգացման դրամատան մէջ  է, ուր ես կ’աշխատիմ որպէս վարչութեան օգնական: Սակայն աւարտած եմ Զբօսաշրջութեան եւ հիւրանոցային կառավարում բաժինը, հանգամանքներու բերումով հիմա իմ մասնագիտութեամբ չեմ աշխատիր: Աշխատանքիս տեղը այնչափ հետաքրքիր է, քանի որ անընդհատ տարբեր մարդոց հետ կը ծանօթանամ` տարբեր արժէքներով, մտածելակերպով ու մասնագիտութիւններով: Չեմ դադրիր անընդհատ սորվելու: Սակայն սա իմ միակ աշխատանքս եւ հետաքրքրութիւնսչէ: Ստեղծած եմ գեղեցկութեան եւ նորաձեւութեան պլոկ, որ ինծի համար մեծ մարտահրաւէր էր, քանի որ պիտի սկսէի գրել հայերէն: Ունիմ նաեւ եութուպեան տեսաալիք, ուր կը կիսուիմ իմ կանացի խորհուրդներով: Անհատական դիմայարդարում կ’ընեմ, կը ստեղծագործեմ նաեւ այսպէս: Միշտ հետեւած եմ նորաձեւութեան արտասահմանեան պլոկներուն: Այդ ամէնը մեր մօտ հիմականին մէջ կը բացակայի կամ կը կաղայ: Ես կը փորձեմ առաջամարտիկ ըլլալ, զարգացնեմ իմ պլոկս եւ զարգանալ որպէս պլոկեր:

– Սասնուհի��?, բաւական ժամանակ է` այստեղ ես: Փորձէ բաժնել առկայ դրականն ու՛ բացասականը՛:

– Վերջերս ընկերներէս մէկը, որ ԱՄՆ-էն նոր  վերադարձած է այստեղ ապրելու, շատ լաւ միտք մը ըսաւ. ճիշդ է` այստեղ շատ կը դժգոհին, երբեմն կը փնթփնթան վրադ, բայց աւելի լաւ է այդ փնթփնթոցը տանիլ քու հողիդ վրայ, քու հայրենիքիդ մէջ, քան օտար վայրի մէջ, օտարերկրացիի կողմէ: Ամենադրական կողմը այդ հարազատութեան, քու հողիդ վրայ ըլլալու զգացումն է: Ես  այստեղ կը զգամ ինչպէս ձուկը ջուրին մէջ: Որքան ալ ըսեն` ջերմութիւնը պակսած է, միեւնոյնն է` մենք կը մնանք ջերմ ու հիւրընկալ ազգ: Երթալով կը բարձրանայ մարդոց կրթական մակարդակը: Սակայն բացասական կողմ է մարդոց փակ մտածելակերպը, պէտք է բաց ըլլալ աշխարհին: Անընդհատ կը փորձեն սեւ գիծ փնտրել, վատին կառչիլ: Նաեւ բան մը կ’ուզեմ շեշտել: Պակսած է մարդկային հաւատքը: Սա բաւականին նուրբ թեմա է, սակայն ես կը ցաւիմ, երբ կը տեսնեմ այդ պակասը: Բան մը յստակ գիտեմ` առանց հաւատքի ապրիլն անհնար է: Երբեմն մարդիկ շատ կը  ծուլանան: Աշխատանքներ կան, որ չեն ուզեր ընել, կը նախընտրեն չաշխատիլ: ԱՄՆ-ի մէջ նման կերպ չես կրնար ապրիլ, պարզապէս չես գոյատեւեր այնտեղ:

Ինչպէս  այստեղ կ’արձագանքեն այն փաստի՞ն, որ դուն, ունենալով մեկնելու հնարաւորութիւն, կը մնաս հայրենիքի մէջ:

– Երբեմն չեն խրախուսեր: Ես միշտ, եթէ պէտք է անգամ շատ երկար, կը բացատրեմ չհեռանալուս պատճառները: Յայտնի խօսք կայ. մի հարցներ` ինչ ըրած է երկիրդ քեզի համար, հարցուր` ինչ ըրած ես դուն քու երկրիդ համար: Ես այս երկրին համար  փոքրիկ բան  մը ընելու յոյսով կ’ապրիմ: Ծեծուած արտայայտութիւնը, թէ այստեղ ապագայ չկայ, դարձած է հեշտ արդարացում:

– Ինչպէս կը պատկերացնես քու ապագադ քու երկրի՞դ մէջ:

– Կը ցանկամ կազմել լաւ ընտանիք, երեխաներուս մեծցնել այստեղ, հայկականով ու հայկականոտ դաստիարակել: Կ’ուզեմ շատ աւելի զարգանալ իմ պլոկային գործունէութեան մէջ, ձեռք բերել եւս մէկ մասնագիտութիւն:

– Սասնուհի՛, կեանքիդ մէջ որքանով  քեզի կօգնէ   հայրիկիդ յայտնի՞ ըլլալը: Անոր երգերէն որն է քեզի համար ամենասիրելի՞ն:

– Հայրիկիս յայտնի ըլլալը, վաստակած սէրն ու յարգանքը ինծի միշտ օգնած են: Ատիկա բնական է: Իսկ երգերը… Բոլորն ալ կը սիրեմ, սակայն հոգիիս երգն է` «Աշխարհ են գալիս սիրելու համար», որ հրաշալի կը կատարէ Լէյլա Սարիբէկեանը: Հայրիկիս մտքերը ֆանտաստիկ ենք: Երբ մուսան կու գայ, ան կ’առանձնանայ ու լռութեան մէջ կը խօսի բառի ու երաժշտութեան լեզուով:

Սասնուհի՛, որն է՞, ըստ քեզի, երկրի յառաջընթացի գրաւականը:

-Անխօս երիտասարդութիւնը` ուժեղ, քաջ, կրթուած ու ինքնակրթուած, ըմբոստ երիտասարդութիւնը, որ երթալու միտք չունի: Թո՛ղ մնան ու պահպանեն այս երկիրը: Ինչպէս ալ ապրին դուրսը, ձուլումը անխուսափելի է:

Զրուցեց Ամալեայ Կարապետեան

Սասնուհի5Սասնուհի4ՍասնուհիՍասնուհի1 Սասնուհի3

Scroll Up