Ալմելոյի Քաղաքապետը Այցելած Է Հայ Առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի (լուսանկարներ)

Մարտ 8-ին Ալմելոյի քաղաքապետարանի աշխատակազմը, աւագանին, քաղաքապետ տիկին Եոն Հերմանսի գլխաւորութեամբ` աշխատանքային այցով հիւրընկալուած էին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» Հոլանտայէն կը տեղեկացնէ Մանուկ Մկրտչեան:

Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ աշխատանքներուն, քննարկելու եկեղեցւոյ կապը միւս եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանին հետ: Քննարկուող հարցերուն մէջ  էին նաեւ պատերազմող երկիրներէ գաղթած հայ բնակիչներու կարգավիճակը, համայնքի, քաղաքապետարանի եւ այլ պատասխանատու կառոյցներու դերը այդ մարդոց կրթութեան, ընդելուզման աջակցելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Քննարկուեցան նաեւ երիտասարներուն եւ ծերերուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ներկայ էին Ալմելոյի մէջ գործող հայկական կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ. ՀԱԵ վարչութիւնը, ՀԲԸՄ-ը, ՀՄԸՄ-ը, «Երեւան» համայնքը, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու  յուշահամալիրի ( AGMA  ) ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր:

Հանդիպման աւարտին ձեռք բերուեցաւ համատեղ աշխատանքի համաձայնութիւն հայ համայնքի եւ քաղաքապետարանի միջեւ:

Քանի որ օրը համընկաւ Կանանց միջազգային տօնին հետ, հանդիպման ներկայ կանայք եկեղեցւոյ կողմէ ստացան գեղեցիկ վարդեր: Իսկ հիւրասիրութեան ընթացքին բացի հայկական սուրճէն եւ խմորեղէններէն, ներկաները վայելեցին նաեւ հայկական քոնեակ:

Ալմելո1Ալմելո2 Ալմելո3Ալմելո4 Ալմելո5Ալմելո6 Ալմելո7Ալմելո8 Ալմելո9

 

Scroll Up