«Հայերու Հոգեւոր Եւ Կրթական Կեանքը Պուլկարիոյ Մէջ» Խորագիրով Գիտաժողով Սոֆիայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/06/Sofia-bulgaria-sputnik.jpg)
Վերջերս Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերու հոգեւոր եւ կրթական կեանքը Պուլկարիոյ մէջ» խորագիրը կրող գիտաժողով, որ նուիրուած էր Պուլկարիոյ մէջ պաշտօնավարած հայ առաջին Աոաջնորդական տեղապահ, Ստեփանոս արքեպիսկոպոս Յովակիմեանի նշանակման 88-ամեակին եւ մահուան 80-րղ տարելիցին:
Գիտաժողովը կազմակերպած էր Սոֆիայի մէջ գործող Հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու համադրիչ խորհուրդը` Սոֆիայի ռուսական գիտա-տեղեկատուական կեդրոնին հետ համատեղ:
Գիտաժողովին կը մասնակցէին պետական, համայնքային եւ այլ մարմիններու, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ տարբեր քաղաքներէ ժամանած հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Ունկնդիրներու ուշադրութեան ներկայացուեցան 16 զեկուցումներ, որոնք ընդհանուր գիծերով անդրադարձան Պուլկարիոյ մէջ հայերու հոգեւոր եւ կրթական կեանքին:
Ստեփանոս Յովակիմեանի անուան Հայկական դպրոցական ընկերութեան նախագահ Օնիկ Փիլիպոսեանի, Սոֆիայի մէջ լոյս տեսնող «Երեւան» թերթի գլխաւոր խմբագիր Վարդանուշ Թօփաքպաշեանի, Քաթելինա-Սալթիրովա-Փաւլովայի, Միհրան Պօղոսեանի, Էօժէնի Սաքըզի եւ Գոհար Խնկանոսեանի զեկուցումները աչքի ինկան անով, որ ատոնց մէջ շեշտը դրուած էր այս թեմայի շուրջ 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 20-րդ դարու կէսերը ինկած ժամանակահատուածի վերաբերեալ հայ համայնքի հոգեւոր ու կրթական կեանքին` առկայ արխիւային, վաւերական նիւթերու հիման վրայ:
Պատմական տեսանկիւնէն մեծ հետաքրքրութիւն յաոաջացուցին Վելիքօ Թըրնովօ քաղաքէն ժամանած դասախօսներու, տեղի համալսարանի փրոֆ. Հիթքօ Վաչեւի եւ ազգային զինուորական համալսարանէն գնդապետ, դոց. դ-ր Մարքօ Զլաթեւի զեկուցումները:
Ներկայացուած ելոյթներու ընդհանուրի հեղինակները` դ-ր Մասիս Խաջոլեանը, Ներսէս Շիրինեանը, Սիրուհի Շէյթանեանը, Օնիկ Գիւլեանը, էլիզապէթ Պօղոսեանը, Սիմոն Թիւթելեանը եւ Սոնիա Արշաւիրը ամբողջական պատկերմամբ ներկայացուցած էին Պուլկարիոյ շարք մը քաղաքներու մէջ գործող հայ համայնքի կրթական ու հոգեւոր կեանքը` Վառնա, Փազարջիք, Սիլիսթրա, Տոպրիչ, Պուրգաս, Փլովդիւ, Եամբոլ:
Արման Պասմաճեանի զեկուցումը նուիրուած էր Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պաշտօնակարգութեան զարգացման:
Գիտաժոդովին, ի թիւս ողջոյնի պաշտօնական ուղերձներուն, մասնակիցներուն իր խօսքը յղած էր նաեւ Սոֆիայի քաղաքապետ Եօրդանքա Ֆանդըքովան:
Գիտաժողովի հիւրերուն մէջ եղած են Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեսպանութեան առաջին քարտուղար տկն. Աննա Սահակեանը, տէր Գոսան քահանայ Հատաւեանը, Պուլկարիոյ Գիտութիւններու ակադեմիայէն դոց. Նիկոլա Կազանսկին, պրոֆ. Դելչօ Պալապանովը, ճարտարապետ Յակոբ Քարաքաշեանը, Փլովդիւի «Երեւան» կազմակերպութեան նախագահ Էլիզապէթ Վարդանեանը եւ «Մխիթարեան» ըեկերակցութեան ատենապետ Զոհրապ Չալըքեանը: Գործընկերներ կը հանդիսանային Պուլկարիոյ մէջ հրատարակուող 3 լրագիրները` «Երեւան», «Վահան» եւ «Բարեգործականի ձայն», իսկ պուլկարական լրատուամիջոցներէն ձեռնարկին անդրադարձան «Ստանդարտ» լրագիրն ու «ֆոքուս» լրատուական գործակալութիւնը:
Զեկուցումներու վերաբերեալ տեղի ունեցած բանավէճերուն մասնակցեցան եւ
քննարկուող թեմաներու շուրջ իրենց դիրքորոշումն արտայայտեցին մասնակիցներէն ու հիւրերէն շատերր:
Գիտաժողովին աւարտին կազմակերպող յանձնախումբը իր գոհունակութիւնը յայտնեց արդիւնքներուն վերաբերեալ: Ըստ համընդհանուր կարծիքի` ունկնդիրներու ուշադրութեան ներկայացուած արխիւային նիւթերն ու փաստաթուղթերը կրնան իբրեւ հիմք հանդիսանալ Պուլկարիոյ մէջ հայկական թեմի ստեղծման ժամանակաշրջանի ճշգրտման ուղղութեամբ վերանայումներն ու պարզաբանումները: Ատիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի այն արտացոլուի ու արձանագրուի Թեմի ստեղծման պաշտօնական ամսաթիւը (նկատի ունենալով ներկայիս աոկայ արխիւային փաստաթուղթերր) Պուլկարիոյ մէջ Հայ Աոաքելական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ
թեմական խորհուրդի խորհրդանշաններու ու ներկայացուցչական փաստաթուղթերու վրայ:
Գիտաժողովը ընդունեց Յայտարարագիր, որ պիտի ներկայացուի Պուլկարիոյ եւ Հայաստանի պաշտօնական մարմիններուն ու համապատասխան պաշտօնեաներուն:
Օնիկ Փիլիպոսեան, Գիտաժողովը կազմակերպող կոմիտէի նախագահ
ք. Սոֆիա (Պուլկարիա)