«Հայրենիքը Ինծի Համար Դրախտ Է». Լիւսի Ապտալեան

Նկարչուհի Լիւսի Ապտալեան բնակութեան քանի մը վայր  փոխած է, սակայն վստահ է` Հայաստան իր վերջին հանգրուանն է, հոգիի հանգրուանը: Գալով հայրենիք` հիասթափութիւններ ապրած է, սակայն իր հողին հանդէպ սէրը այնքան մեծ եղած է, որ անգամ չէ ալ մտածած վերադարձի մասին: Լիւսիի հետ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է արուեստի, անկեղծութեան ու հայրենիքի մակնիսականութեան մասին:

 –Լիւսի՛, գիտեմ, որ  քանի մը երկիրներու մէջ ապրած էք: Ինչպէս որոշեցիք հայրենիք գա՞լ: Պատմէք քիչ մը ձեր մանկութենէն: Հայրենիքէն հեռու ինչպէս կը փորձէիք հայ մնալ եւ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստան երկիրը՞:

– Ինչպէս բոլոր սփիւռքահայերը, այնպէս ալ ես` նախքան հայրենիք վերադառնալս, միշտ  տարբեր ձեւով կը պատկերացնէի հայրենի հող ըսուածը, հայեացքները ուրիշ էին`  տեսակ մը աւելի երազային: Փոքր ժամանակ, երբ Մոնրէալի մէջ կ’ապրէի, հայ ուսուցիչ ունէի, որ Հայաստանցի էր ու շատ կը խօսէր իր սիրելի Հայաստանի մասին: Ես ուսուցչուհիիս շատ կը սիրէի եւ կը ցանկայի բացայայտել` այդ որն է Հայաստան երկիրը,  եթէ այն իմ հայրենիքն է, ինչու  ես Գանատա կ’ապրիմ: Երբ ուսուցչուհիս կը պատմէր, որ Հայաստանի մէջ միայն հայեր կ’ապրին` մեզի նման, մեր գեներով ու նկարագրով մարդիկ, ես կ’երազէի այստեղ գալ, վստահ էի` հայրենիքի մէջ ինծի կը հասկնային, կ’ընդունէին: Դպրոցին մէջ կը դժուարանայի, որովհետեւ ֆրանսերէն սորվիլը դժուար էր, քանի որ Լիբանանի պատերազմէն փախած էինք, եկած նոր երկիր, որ միանգամայն այլ մշակոյթ ու հասարակութիւն ունէր: Յատկապէս այդ պայմաններուն մէջ ես հայրենիք կը տենչայի, ուր կ’ապրէի առանց տագնապներու, հանգիստ կեանքով: Մոնրէալի մէջ տունը միայն հայերէն կը խօսէինք, այլ լեզուով խօսելու իրաւունք չունէինք: Եւ փոքր հասակէս հայրս մեզի հետ «Աստուածաշունչի» սերտողութիւն կ’ընէր, որ մեր հաւատքին ու պատմութեան հաւատարիմ մնայինք: Մանկութենէս մէջս բոյն դրած հայկականութիւնը ինծի բերաւ հայրենիք: Մինչ հայրենիք գալս` 4 տարի նաեւ Նիւ-Եորք  ապրած եմ:

 –Ինչով կը  զբաղիք այստե՞ղ: Ինչպէս ձեզի ընդունեց հայրենիքը՞: Հայաստանի հետ կապուած ձեր սպասելիքները կ’արդարանա՞ն:

-Երբ եկայ Հայաստան, քիչ մը ցնցուեցայ, քանի որ հայրենիքը մեր իմացած պատմութիւնն ու մշակոյթ չէ միայն, այն նաեւ հասարակութիւն է` ընթացող կեանքով ու իր մարդոցմով: Ես միամիտ աղջնակ էի այդ տարիքիս, աւելի շատ երազներով ու զգացումներով կ’ապրէի: Հայրենիքի լեռներուն  սիրահարուած էի, որոնք  ուժ կու  տային ինծի: Սակայն այն մարդիկ, որոնց բախտ վիճակուեցաւ սկզբնական շրջանին ճանչնալու, հիասթափեցուցին զիս: Ես զարմացայ, երբ փողոցներուն մէջ այդքան մուրացիկ մարդիկ տեսայ: Ամերիկա, ուրկէ եկած եմ, փողը ծառերու վրայ չի բուսնիր. ամէն մարդ իր քրտինքով կ’աշխատի, կը ստեղծէ, այլապէս երկիրը իրեն չընդունիր, հասարակութիւնը` եւս: Ես շատերուն փորձեցի գումար տալ` մտածելով, թէ կ’օգնեմ, սակայն սխալ էի, քանի որ անոնց արժեհամակարգը նախ եւ առաջ պիտի փոխուի: Ես Հայաստան շատ կը սիրեմ, սակայն մարդոց երբեմն վերապահումներով կ’ընդունիմ կեանքիս մէջ: Սկզբնական շրջանին հարուած ստացայ անգամ ընկերներէս, որոնք ինծմէ մեծ չափերու հասնող գումար կորզեցին եւ հեռացան իմ կեանքէս` ըսելով, որ ես այդ գումարը նուիրած եմ իրենց: Հիասթափութիւն էր, որ, սակայն, հայրենիքի հանդէպ ունեցած սէրս աւելի զօրեղ եղաւ: Այնպէս չէ, որ ես բոլոր հայաստանցիներուն մասին այսպէս կը խօսիմ: Ո՛չ, ես նաեւ շատ հրաշալի մարդոց կը ճանչնամ, որոնք ազնիւ են ու մարդասէր: Այնչափ հիացած եմ հայաստանեան գիւղերուն մէջ «ծուարած» մարդկային պարզութեամբ ու հոգիի հարստութեամբ:

 –Ձեր արուեստին` նկարչութեան մէջ, հայրենիքը ինչ-որ կերպ կ’արտացոլուի՞:

– Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հիմնական դիմանկարներ կ’ընէի, կը նկարէի այն մարդոց, որոնք իմ առօրեայիս մէկ մասն էին: Միշտ կու գայի Հայաստան, բայց ժամանակաւորապէս: Օր մը որոշեցի 4 ամիսով գալ եւ փորձել այստեղ աշխատիլ: Հայրենիքը իմ կտաւներուս նոր շունչ, գոյն ու եռանդ տուաւ: Երբ հայրենիքի բնութեան մէջ եմ, մարդոցմէ հեռու, թեւեր կը ստանամ, կարծես հորիզոններ անցնիմ: Այս ամէնը, ի հարկէ, չի կրնար որեւէ արտացոլում չստանալ իմ արուեստիս մէջ:

Սկիզբը շատ  օգնեց զիս Արթուր Սարգսեանը եւ իր ընտանիքը, որոնք հազուադէպ մարդկային որակ ունին: Ինծի շատ ուժ  տուած են, սորվեցուցին աւելի լայն ու խորը մտածել: Ան եղած է իմ ամենամեծ ուսուցիչս Հայաստանի մէջ: Պուտապեշտի մէջ ծանօթացայ նաեւ Մամիկոն Ենգիբարեանի հետ,  արուստագէտ մը, որ  անսպառ ոգեւորած է զիս: Առանց անոր խորհուրդներուն` ես «ես» չէի ըլլար: Իսկ իմ մէջ ապրող նկարիչը առաջին անգամ տեսաւ Սոնիա Պալասանեանը եւ հնարաւորութիւն տուաւ ցուցահանդէսով հանդէս գալու: Ես այնչափ շնորհակալ եմ անոնց եւ Աստուծոյ, որ զիս նման տաղանդով օժտած է:

 -«Օդ» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ ձեր առաջին ցուցահանդէսն էր: Ինչպիսի տպաւորութիւններ ստացաք այդ օրը՞: ինչպէս ձեր արուեսի հետեւորդները ընդունեցին եւ գնահատեցին ձեր աշխատանքները՞:

-«Օդ» վերտառութեամբ ցուցահանդէսը այնքան մեծ եղաւ, որ չէի ալ սպասեր:  Ատկէ առաջ  ցուցահանդէս մը եղած էր իմ ընկեր Լուսինէ Գասարճեանի տան մէջ. եկած էին տարբեր մարդիկ, դեսպաններ: Ցուցահանդէսը բարեգործական էր, եւ ինչ վաճառուեցաւ, նուիրաբերեցինք մանկական հիւանդանոցի վերանորոգման:

Իսկ իմ անձնական ցուցահանդէսը ինծի համար մեծ հնարաւորութիւն մըն էր` իմ արուեստի հետեւորդներուն մեծ չափաբաժինով անկեղծութիւն փոխանցելու: Յոյսով եմ` այդ անկեղծութիւնը հասաւ անոնց:

-2014 թուականին արուեստի այլընտրանքային ամէնամեայ փառատօնին լաւագոյն ճանչցուած «Վարդը վարդ է վարդի համար»  եւ «Մահուան վկայական» խորագիրը կրող հոլովակը եւս ցուցադրուեցան ձեր առաջին հայաստանեան ցուցահանդէսին ժամանակ: Հայրենիքէն դուրս եւ հայրենիքի մէջ ինչ յաջողութիւններու  հասա՞ծ էք:

-Ին՞չ է յաջողութիւնը` շատ փող կուտակել, յայտնի դառնալ, աշխարհահռչակ: Ինծի համար յաջողութիւն է իմ եսի լիարժէք բացայայտումը, երբ կրնամ մարդոց լաւութիւն ընել, սէր տալ, պէտքական ըլլալ մարդկութեան: Աստուած ինծի ատոր համար  շնորհ տուած է:

Չեմ ուզեր ետ նայիլ, թէ քանի տարի առաջ ինչի հասած եմ, կ’ուզեմ վաղուան նայիլ: Կ’ուզեմ հոգիիս կրակը մարդոց բաշխել:

 –Ձեր նկարներուն մէջ լսելի է հոգիի ձայնը: Ինչը առաւել շատ կարեւոր կը համարէք արուեստի մէջ եւ ձեր նկարներուն մէջ ի՞նչը հիմնականին մէջ կը շեշտադրէ՞ք:

– Կը շեշտադրեմ անկեղծութիւնը, կեանքի իրական պատկերի արտացոլումը: Վանդակներ, սահմաններ չեմ սիրեր: Արուեստագէտը չի կրնար վանդակուած ապրիլ, ստեղծագործել: Հայաստանի մէջ այնքան լաւ արուեստագէտներ կան, որ անոնց կողքին շատ փոքր կը զգամ:

Նկարչութիւնը նաեւ բանաստեղծութիւն է: Ձեր իւրատեսակ նկարչութիւն բանաստեղծութիւնը ինչ կուզէ փոխել աշխարհի՞ մէջ:

– Իմ սնունդս գիրքերէն կու գայ: Շատ կը կարդամ Միլան Գունտերայի, Ալպեր Քամիւի, Փապլօ Ներուտայի, Ճորճ Սանտի ստեղծագործութիւնները: Արիւնիս մէջ կայ բանաստեղծութիւն, առանց անոր չեմ կրնար: Բնազդաբար բանաստեղծութիւնը կը դրսեւորուի նաեւ իմ աշխատանքներուս մէջ: Նկարներս մարդկային զգացումներու բաց ջիղ են, որոնք կ’ուզեմ հայելի դառնան մարդոց համար:

– Ձեր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած էք. «Ծաղիկը կտրես իր մայր հողէն, այն արդէն մահուան ճանապարհին է: նշանակութիւն չունի, թէ ինչպէս կը խնամես: Մահը` մահ է ամէնուր եւ բոլորին համար»: Այստեղ կարելի է փոխաբերութիւն հասկնա՞լ, եւ ինչպէս ձեր խօսքերը դուք կը մեկնաբանէ՞ք:

– Ծաղիկն ալ  օր մը կը թառամի, բայց անոր գեղեցկութիւնը կը մնայ մարդոց աչքերուն  մէջ: Կարեւորը այդ գեղեցկութիւնն է: Մարդն ալ առանց իր գեղեցկութեան` հոգիին, մահացած էակ է: Եթէ մարդը սնունդ չստանայ, ֆիզիկապէս կը մահանայ: Նոյնն է հոգիի պարագային, եթէ մարդու հոգին հոգեւոր սնունդ չստանայ` կը մահանայ: Հոգեպէս մահացած մարդիկ ինծի համար ֆիզիկապէս ալ  մահացած են: Նման մարդոց ոչ մէկ բուժում չի փրկեր:

Ինչ փոխուեցաւ ձեր հայեացքներուն եւ նկարներուն մէջ Հայաստան տեղափոխուելէ ետք:Ինչ է հայրենիքը ձեզի համա՞ր:

– Հայրենիքը ինծի համար դրախտ է: Այն ինծի համար ուժի աղբիւր է:  Ամբողջութեամբ կը հանգստանամ: Կը կարծեմ` 2016-ը շատ խոստումնալից պիտի ըլլայ ինծի եւ հայրենիքիս համար: Դէպի առաջ:

Ամալեայ Կարապետեան

Լյուսի Աբդալյանը 8Լյուսի Աբդալյանը 9Լյուսի Աբդալյանը 10 Լյուսի Աբդալյանը 11Լյուսի Աբդալյանը 12Լյուսի Աբդալյանը 2 Լյուսի Աբդալյանը 3Լյուսի Աբդալյանը 4 Լյուսի Աբդալյանը 5Լյուսի Աբդալյանը 15Լյուսի Աբդալյանը 16 Լյուսի Աբդալյանը 17Լյուսի Աբդալյանը 19Լյուսի ԱբդալյանըԼյուսի Աբդալյանը 13Լյուսի Աբդալյանը 6Լյուսի Աբդալյանը 7 Լյուսի Աբդալյանը 14Լյուսի Աբդալյանը 20

Scroll Up