Ամսդերտամի «Սուրբ Հոգի» Եկեղեցւոյ Մէջ Պիտի Գործէ «Սայաթ Նովա» Երգչախումբ

Ամսդերտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ ու ջանքերով կը կազմաւորուի նոր երգչախումբ մը` «Սայաթ Նովա» անուամբ: Այս մասին ըստ «Հայերն այսօր»-ի` կը յայտնէ «Նիտերլանտական Օրագիր»-ը:

Նոր կազմաւորուող խումբը հիմնականին մէջ պիտի կատարէ հայկական ժողովրդական եւ հայրենասիրական երգեր: Յիշեալ երգչախումբի խմբավարը պիտի  ըլլայ փորձառու երաժիշտ, Հոլանտայի մէջ յայտնի Արմէն Արմէնակեանը (Arminak apstok), որ ելոյթներ   ունեցած է տարբեր  երկիրներու, ներառեալ` Հոլանտայի Զուոլէ, Տեւենթր, Տրոնթէ քաղաքներու բեմերուն վրայ:

Բոլոր անոնք, որոնք ունին համապատասխան երաժշտական ընդունակութիւններ  եւ ցանկութիւն  մասնակցելու նորաստեղծ երգչախումբի կազմաւորման ու ձեւաւորման, կրնան կապ հաստատել «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ  քահանայ տէր Տարօն Թադեւոսեանի հետ, կամ զանգահարել ցուցապաստառին վրայ նշուած հեռախօսահամարներով:

Scroll Up