ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան 2016 Թուականի «Մեր Մեծերը» Ծրագիրը Նուիրուած Է ՀՀ Անկախութեան 25-Ամեակին
Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս 2009 թուականէն կ’իրականացնէ «Մեր մեծերը» ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակը մեր հռչակաւոր մեծերու հայրենանուէր գործունէութիւնը սերունդներուն ներկայացնելն ու անոնց մէջ հայրենասիրութեան զգացում ձեւաւորելն ու զարգացնելն է:
2016 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են Սրբուհի Տիւսաբի, Վահէ Հայկի, Աւետիս Ահարոնեանի, Գրիգոր Խանջեանի եւ Գրիգոր Զոհրապի անունները:
Ծրագիրի ծիրէն ներս Սփիւռքի կրթամշակութային օճախներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՀ դպրոցներուն մէջ կը կազմակերպուին մեծարման ձեռնարկներ, բանաստեղծութեան տօներ, շարադրութիւններու մրցոյթներ, կը հրատարակուի գրքոյկներ, կը պատրաստուին խտասալիկներ եւ այլն:
Իրականացուող ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւնը տարուան ընթացքին պարբերաբար կը տրամադրուի նախարարութեան, նիւթերը կը տեղադրուին «Հայերն այսօր» պարբերականին մէջ :
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Դարձէ՛ք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի մասնակիցը, ձեր ձեռնարկներուն մէջ անդրադարձէ՛ք ծրագիրին մէջ ընդգրկուած անուններուն, տարուան ընթացքին կազմակերպէ՛ք ձեռնարկներ` նուիրելով ատոնք ՀՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեանին:
Նիւթերը կրնաք ուղարկել mshakuyt.diaspora@mail.ru ելեկտրոնային հասցէին:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն` Վազգէն Սարգսեան 3 հասցէով, կամ զանգահարել ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութիւն` 010 585601 (700) հեռախօսահամարով: