«Նախագահի Ելոյթին Մէջ Կար Թերութիւններն Ու Բացթողումները Սրբագրելու Վճռականութիւն». Շահան Գանտահարեան

Սահմանդրութեան փոփոխութիւններու կենսագործման վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին շուրջ «Հայերն այսօրը» զրուցած է Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ:
– Պարո՛ն Գանտահարեան, ինչպէ՞ս կը բնորոշէք ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթը: Եւ ո՞րն է Ձեր կարծիքով ելոյթի ամենակարեւոր շեշտադրումը:
-Ելոյթն իր ամբողջութեան մէջ աննախադէպ էր, շատ համապարփակ անդրադարձ կը պարունակէր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն, նոր մարտահրաւէրներուն ու քաղաքական նոր մշակոյթի կայացման: Ընդ որում` ո՛չ միայն Հայաստանի Հանարապետութեան խնդիրներուն առնչուող, այլեւ` համայն հայութեան:
Նախագահը «մեզ» ըսելով` կը յստակեցնէ, որ պէտք է նկատի ունենալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը եւ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, այսինքն` Հայկական աշխարհը: Եւ ընդգծեց բոլորիս ուղղուած մարտահրաւէրներուն տէր կանգնելու հրամայականը: Ելոյթը, հետեւաբար, համայն հայութեան կը վերաբերի եւ կը պարփակէ Ամենայն Հայոց պետականութիւն դառնալու բոլոր նախադրեալները:
Եւ Նախագահի ելոյթի հետեւեալ միտքը` մենք ունինք մարդուժի ահռելի ներուժ, պէտք է օգտագործենք համահայկական հասարակութիւնը, հայաստանակեդրոն Հայկական աշխարհ ստեղծելու համար: Այս պատճառով նաեւ խնդիր կայ` սփիւռքահայ անձնաւորութիւնները նոր Սահմանադրութեամբ ստեղծուող պետականաշինութեան, քաղաքական, պետական հասարակարգին մէջ լիարժէք օգտագործելու:
Հետեւաբար, Սերժ Սարգսեանի ելոյթը նոր հեռանկարներ կը բանայ մեր երկրին համար, իսկ նոր Սահմանադրութեան կենսագործումը` ուղիներ կը մատնանշէ: Խօսքը համակարգային, ընդհանուր փոփոխութեան մասին է, առաւել ժողովրդավարական, ընդդիմութեան ազդեցիկ դերակատարութիւնը ընդգծող, այսինքն` բոլոր քաղաքական ուժերու ներգործուն մասնակցութիւնը քաղաքական, կուսակցական դաշտի կայացման եւ խնդիրներու լուծման:
Ելոյթը համապարփակ դրուածքի մէջ կը ներառուի նաեւ ամենակարեւոր խնդիրը` տնտեսական դաշտի բարելաւում, իրաւական, ներդրումային դաշտի կատարելագործում, ուր մենաշնորհներ չեն ըլլար եւ օրէնքով կ’ապահովուի ներդրումային քաղաքականութիւնը, կը ստեղծուի առողջ մրցակցային համակարգ:
Կը կարծեմ` տնտեսական, ներդրումային օրէնքով ապահովուած դաշտի կայացումը մեր ամենահիմնական մարտահրաւէրի, խնդրի լուծման մեկնակէտը կը դառնայ: Եւ կը նպաստէ ոչ միայն արտահոսքի նուազեցման, այլեւ գրաւիչ կը դարձնէ մեր երկիրը եւ՛ հայերու, եւ՛ օտարերկրացիներու համար: Այս հիմնախնդիրը լուրջ բանաձեւուած էր, այնտեղ կար կամք` իրավիճակը փոխելու եւ այս ուղղութեամբ նոր հեռանկարներ բանալու: Խնդիրները մատնանշուած են առանց քօղարկման, եւ կ’երեւի ատոնք միասնաբար լուծելու պետական մօտեցում:
Միաժամանակ կար թերութիւններն ու բացթողումները սրբագրելու վճռականութիւն եւ բաց յայտարարութիւն: Եւ կարեւոր շեշտադրում, որ ինչ-որ բան պիտի փոխուի մեր երկրէն ներս: Եւ այդ փոփոխութիւնը նոր հեռանկաներ պիտի բանայ համայն հայութեան համար:
– Պարո՛ն Գանտահարեան, ծանօ՞թ էք Նախագահի ելոյթի լիբանանեան արձագանքներուն:
-Նախագահի ելոյթը լուսաբանուած է Լիբանանի ԶԼՄ-ներուն մէջ, եւ կրնամ ըսել, որ մեկնաբանութիւնները դրական են: Դրական են այն առումով, որ ինչպէս նշեցի, իրավիճակը փոխելու վճռականութիւն կայ եւ մատնացոյց կ’ըլլայ այն բոլոր ուղիները, որուն հիմքը նոր Սահմանադրութիւնն է:
Դեռեւս առանձին քննարկումներ չեն եղած, բայց մամուլի անդրադարձը նկատի առնելով` կը կարծեմ, որ կրնանք բանաձեւել, որ սփիւռքեան լրատուադաշտը ընդհանուր գիծերու մէջ դրական կը մեկնաբանէ Նախագահի ելոյթը:
– Պարո՛ն Գանտահարեան, Նախագահն իր ելոյթին մէջ կարեւոր համարեց նաեւ ներդրումային միջավայրի բարելաւումը, նոր ներդրումներու ներգրաւումը: Ին՞չ կրնաք ըսել այս ուղղութեամբ:
-Կը կարծեմ, որ լիաբանանահայ համայնքին համար, եւ ոչ միայն, պէտք է յատուկ լուսաբանել եւ ներկայացնել հայաստանեան ներդրումային դաշտը, վերջինիս իրաւական պաշտպանուածութիւնը: Հայաստանը շուկայական առումով հետաքրքիր է ո՛չ միայն լիբանանահայերուն, այլեւ հէնց լիբանանցիներուն: Չմոռնանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի բազմաթիւ համաձայնագիրներ կնքուած են, որոնք պէտք է կեանքի կոչել եւ կենսագործել: Այսինքն, իրաւական շրջագիծ կայ եւ միջպետական համաձայնագիրներ` տնտեսական, առեւտրի, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ:
Փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւնը այս հարցով կրնայ միայն օգտակար ըլլալ: Լիբանանեան օդանաւերը կանոնաւոր թռիչքներ կ’իրականացնեն, կը կարծեմ, որ պէտք է աշխուժացնել եւ աւելցնել փոխադրամիջոցներու հաղորդակցութիւնը, որպէսզի փոխադարձ այցելութիւնները եւ գործուղումները շատնան:
Օդային կապի առաւել աշխուժացման պարագային կ’ըլլայ մարդոց հոսք, ճանաչողութիւն, որուն կրնան հետեւիլ որոշակի հետաքրքրութիւններ, շարժառիթներ, որոնք կրնան յանգեցնել նաեւ ներդրումներու: Բայց այս բոլորի նախապայմանը, մեկնակէտը անընդհատ պէտք է վերանայիլ: Անհրաժեշտ է աւելի ցած գիներով թռիչքներ իրականացնել, որպէսզի երիտասարդները, ոչ միայն հայ, նոյնպէս շատ առիթներ ունենան Հայաստան այցելելու:
Կարեւոր է, որ լիբանանցիները եւս ծանօթանան Հայաստանին, սա կ’օգնէ, որ Հայաստան յայտնուի լիբանանցիներու զբօսաշրջային ուշադրութեան կեդրոնին: Եթէ, ի հարկէ, համապատասխան ծրագիրներ ըլլան եւ օդային կապը աշխոյժ աշխատի, ներդրումներու ճանաչողական աշխատանք իրականացուի:
Եթէ օրինակ` տարածաշրջանին մէջ անապահով իրավիճակ ըլլայ, մարդիկ կը սկսին մտածել այլ միջավայրի մէջ բնակարան գնելու, ներդրումներ ընելու` իբրեւ այլընտրանք իրավիճակի սրման: Կը կարծեմ` ճիշդ աշխատելու պարագային Հայաստան կը յայտնուի ուշադրութեան կեդրոնին:
-Ձեր կարծիքով, Նախագահի ելոյթին յաջորդող հանգրուանը ո՞րը պիտի ըլլայ:
-Կը կարծեմ` յառաջիկայ հանգրուաններէն շատ կարեւոր են 21-րդ դարուն համահունչ, ժամանակակից Եւրոպայի ժողովրդավարական պետութեան չափորոշիչներուն համապատասխան ընտրութիւններ իրականացնելը, որոնք կ’ըլլան շատ թափանցիկ, համոզիչ, արդար: Մշակուող ընտրական օրէնսգիրքը պէտք է համանշային առումով համապատասխան ըլլայ 21-րդ դարու ժամանակակից, ժողովրդավար պետութիւններու օրէնսգիրքերուն:
Նաեւ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համոզիչ ներկայանալը. ի վերջոյ` նոր Սահմանադրութեան նպատակը ժողովրդավարութեան կայացումն է, յաւելեալ գործավարութիւնը:
Սա շատ կարեւոր մեկնակէտ կրնայ ըլլալ եւ մարդոց մօտ յաւելեալ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծել` մասնակից դառնալու նոր գործընթացներուն, որոնց նպատակը, կը կարծեմ, պէտք է ըլլայ մեր երկիրը եւ հասարակութիւնը դարձնելու 21-րդ դարու ժամանակակից պետութիւն եւ ժամանակակից քաղաքացիական հասարակարգ:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան