«Սուրիոյ Տագնապը Եւ Հայութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/դասախոսություն.jpg)
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Կիրակի 21Փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս, հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը «Սուրիոյ տագնապը եւ Հայութիւնը» նիւթով։
Ձեռնարկին ներկայ էին, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգ. Վարչութեան, հալէպահայ բարեսիրական, մշակութային, մարզական, միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Օրուան դասախօսն էր հասարակական գործիչ տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան։
Բացման խօսքով Մարիա Սարգիսեան յայտնեց, թէ նման ձեռնարկներու նպատակն է մեր հասարակութիւնը իրազեկ դարձնել սուրիահայութեան տագնապի քաղաքական հոլովոյթին, համայնքէն ներս, թէ համահայկական առումով սուրիահայութեան օժանդակութեան ի խնդիր տարուող աշխատանքներուն եւ սուրիահայութեան քաղաքական մօտեցումներուն։
Դասախօս տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան համապարփակ ձեւով նախ ներկայացուց սուրիական տագնապի զարգացումները, նշելով, որ երկրէն ներս բարեփոխումներու պահանջով սկսած շարժումը հետագային վերածուեցաւ արտաքին քաղաքական հաշուարկներու եւ ծայրայեղական շարժումներու ծառայող ահաբեկչական վայրագ արշաւի։ Ապա ներկայացուց սուրիահայութեան մօտեցումները Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ, նշելով, որ սուրիահայութիւնը ջատագովն է Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, կը հաւատայ, որ սուրիական տագնապը իր լուծումին կը հասնի Սուրիոյ ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու մասնակցութեամբ երկխօսութեան ճամբով, դէմ է արտաքին այն միջամտութիւններուն, որոնք կը հրահրեն Սուրիոյ տագնապը, կը խաթարեն երկրի ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդի համակեցութիւնը, աւելցնելով, որ սուրիահայութիւնը ապագայ Սուրիան կը տեսնէ, որպէս աշխարհիկ, ժողովրդավար, բարգաւաճ երկիր, ուր օրէնքով ամրագրուած կ՚ըլլան սուրիական ընկերութեան մաս կազմող ազգային, թէ կրօնական բոլոր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները։
Այնուհետեւ տօքթ. Սարգիսեան անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, համայնքային թէ համահայկական տարողութեամբ տարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն, սուրիահայ նուիրեալ տղոց ծառայութեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններուն եւ բարեսիրական միութիւններուն տարած աշխատանքներուն՝ վեր առնելով սուրիահայութեան միասնակամ կեցուածքը։ Ան անդրադառնալով տարուած դրական աշխատանքներուն, նշեց նաեւ բացթողումները։ Ապա անդրադարձաւ գաղթի երեւոյթին, զայն կանխելու նպաստող համայնքի ղեկավարներէն ակնկալուած աշխատանքներուն, ԱՄՆ իր այցելութեան եւ տեղւոյն հայութեան հետ ուղղակի շփման կարեւորութեան, ՍԱՐՖ-ի աշխատանքներուն, լուսարձակի տակ առնելով սուրիահայ համայնքի ռազմավարական կարեւորութիւնը եւ յորդորելով զինուիլ համբերութեամբ։
Տօքթ. Սարգիսեան անհրաժեշտ համարեց սուրիահայութեան գոյերթին եւ վերակազմակերպման նպաստող գործնական արդիւնաւէտ միջոցներու շուտափոյթ որդեգրումը։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հայկական մեր կառոյցներուն հսկող եւ ժողովուրդին թեւ թիկունք կանգնող սուրիահայ անվեհեր տղոց նուիրուած տեսերիզ մը։
Աւարտին տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան պատասխանեց ներկաներու հարցադրումներուն։
Հուսկ, Տէր Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան իր եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց ու «Պահպանիչ» ով փակեց ձեռնարկը։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: