Երեւանը Ցեղասպանագիտութեան Միջազգային Կեդրոն Դառնալու Բոլոր Նախադրեալները Ունի. Շահան Գանտահարեան Կ’արձագանքէ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Առաջարկին

Երեւանը բոլոր նախադրեալները ունի ցեղասպանագիտութեան միջազգային կեդրոն դառնալու համար: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին նշեց Լիբանանի «Ազդակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, Հայոց ցեղասպանութէան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական յանձնախումբի փոխատենապետ Շահան Գանտահարեան` անդրադառնալով Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի` Ցեղասպանութիւններու միջազգային հետազօտական կեդրոն ստեղծելու առաջարկին:

 «Շատ ողջունելի առաջարկ է: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրէն ներս զգալի կապեր ստեղծուեցան շարք մը ուղղութիւններով: Տարբեր երկիրներէ քաղաքական գործիչներու, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հոսքը եղաւ դէպի Երեւան: Տեղի ունեցաւ միջազգային տեղեկատուական ֆորումը, Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան հերթական համագումարը: Այսինքն` այնպիսի կապեր ու ներուժ  ձեւաւորուած է, որ այն պէտք է լիարժէք օգտագործել: Կը կարծեմ, որ բոլոր նախադրեալները կան Երեւանը դարձնելու ցեղասպանգիտութեան միջազգային գիտահետազօտական կեդրոնի»,- ըսաւ Շահան Գանտահարեան:

Այդ ծիրէն ներս Շահան Գանտահարեան կարեւոր նկատեց տարբեր երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարաններուն կից գիտահետազօտական, վերլուծական շրջանակներու համախմբումը, ցանցային կառոյցի ստեղծումը: Անոր խօսքով, նման ցանցային կառոյցը ճիշդ գործի դնելու պարագային Հայաստան կրնայ համաշխարհային առումով դառնալ ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրման կարեւորագոյն կեդրոն: «Ատիկա կ’ենթադրէ, որ միայն Հայոց ցեղասպանութեան թեման պիտի չուսումնասիրէ: Ժամանակակից ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան գործին մէջ կարեւոր կը համարուի տարբեր ժամանակներու ցեղասանութիւններու համեմատականը»,- ըսաւ Շահան Գանտահարեան: Անոր խօսքով, նման քայլերով Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կը միջազգայնացուի, եւ այն կը դառնայ մարդկութեան խնդիրը: Շահան Գանտահարեան կարեւոր քայլերէն առանձնացուց Հայաստանի կողմէ ներդրուած ջանքերու շնորհիւ ՄԱԿ-ի մէջ ընդունուած բանաձեւը, ըստ որուն, Դեկտեմբեր 9-ը հռչակուեցաւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան եւ այս յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»:

Ըստ անոր` ատիկա շատ կարեւոր քաղաքական քայլ էր: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Լիբանանի մէջ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող յանձնախումբի ամփոփիչ խորհրդաժողովին: Ան, խօսելով յառաջիկայ ընելիքներուն մասին, նշած է, որ կուտակուած փորձի, ունեցած միջոցներու համախմբմամբ այսուհետ նոր թափով եւ նոր աշխուժութեամբ պէտք է բոլոր ուղղութիւններով շարունակել աշխատանքները: Անոր խօսքով, «Այլեւս երբեք» շարժումը հզօրացնելու, Հայաստանը` որպէս ցեղասպանութիւններու միջազգային հարթակի առաջամարտիկը դարձնելու ՀՀ Նախագահի առաջարկը կարող է առարկայանալ, եթէ ստեղծուի «Ցեղասպանութիւններու միջազգային հետազօտական կեդրոն»: Այն կը զբաղուի եւ՛ իրաւական, եւ՛ պատմական, եւ՛ միջազգային խնդիրներու ուսումնասիրմամբ:

 

Scroll Up