Լաս Վէկասի մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի հիմնարկէք
Լաս Վէկասի ամենամեծ Sunset Park այգիին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի հիմնարկէքի արարողութիւն, որուն մասնակցած է աւելի քան 1200 մարդ, կը յայտնէ «Ասպարէզ» պարբերականը:
Յուշարձանի նախագիծը կ’իրականացնէ Լոս Անճելըսի հայամերիկեան մշակութային ընկերակցութիւնըˋ տեղի հայկական եկեղեցիներու եւ կազմակերպութիւններու օժանդակութեամբ: Նախագիծը մշակուած է 2006 թուականինˋ Լոս Անճելըսի հայ ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան եւ քաղաքային իշխանութիւններու հանդիպման ժամանակ:
Յուշարձանի տեղադրման համար կը նախատեսուի ծախսել 200 հազար տոլար, որուն մէջ կը մտնեն նաեւ Լաս Վէկասի հայ համայնքի մասին գիրքի տպագրութեան ծախսերը: