Նոր Գիւղը Կրկին Հրթիռակոծուեցաւ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/Հալեպ3.jpg)
Փետուրվար 4-ին և 5-ին Հալէպի մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ կազի պայթուցիկ տակառներով հրթիռակոծեցին Հալէպի խաղաղ բնակչութիւնը, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանը։ Ճեմարանի պողոտային վրայ երկու օրեր շարունակ ինկած կազի պայթուցիկ տակառներուն եւ հրթիռներուն պայթումին հետեւանքով քանդուեցան բնակարաններ եւ արձանագրուեցան նիւթական վնասներ։ Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:
Թաղամասի ելեկտրամատակարարման մեքենան վնասուեցաւ եւ բնակչութիւնը զրկուեցաւ ամբերներու ելեկտրականութենէն եւս։
Նոր Գիւղի տղաքը փութացին բնակչութեան օգնութեան եւ անմիջապէս նորոգել սկսան ելեկտրամատակարարման մեքենան՝ շրջանի բնակչութեան համար կրկին հնարաւոր դարձնելու ամբերներու օգտագործումը։