Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 10-Րդ Կարգէն Իլիաս Ֆարահ Սուրիոյ Գիտական Ողոմպիականինկը Գրաւէ Երկրորդ Դիրքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/02/10-1-2.jpg)
2015-2016 տարեշրջանին կազմակերպուած Սուրիոյ Գիտական Ողոմպիականը այս տարի եւս մեծ ընդունելութիւն գտաւ աշակերտութեան մօտ: Անոնք մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն մրցոյթին:
Սուրիոյ Գիտական Ողոմպիականին Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանէն մասնակցեցան 10 աշակերտ-աշակերտուհիներ. անոնք են.- Մաճտի Ալ Սալլում, Սարօ Արման Չուլճեան, Շողեր Գերպապեան, Մուսա Շահուտ, Իպրահիմ Մրճանէ, Իպրահիմ Պատրօ, Սաիիտ Իպրահիմ, Իլիաս Ֆարահ, Մուհամմատ Ապու Նգթա եւ Քրիստ Մինասեան: Վերոյիշեալ աշակերտներէն Քրիստ Չուլճեան, Մուհամմատ Ապու Նգթա եւ Իլիաս Ֆարահ առաջին եւ երկրորդ հանգըրուանները շրջանցելով արժանացան իրենց վարժարանը ներկայացնելու Դամասկոսի մէջ երկրի մակարդակով կայացած մրցաշարքին: Այնուհետեւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանի 10-րդ կարգի աշակերտ Իլիաս Ֆարահ, բնագիտութեան նիւթին մէջ, երկրի մակարդակով գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Այս առիթով Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, 26 Յունուար 2016-ին, իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Իլիաս Ֆարահն ու ծնողքը: Սոյն հանդիպման ընթացքին Վերապատուելին բարձր գնահատեց Իլիասի աշխատանքն ու ծնողքին քաջալերանքը, ապա ան նշեց, թէ նոյնիսկ երկրիս դիմագրաւած թէժ պայմաններու բերումով անհատներու կեան- քէն ներս, երբ կը պակսին կենցաղային տարրական պէտքերը, պանծալի երեւոյթ է ուսումնատենչ երիտասարդներու գոյութիւն ունենալը, որոնք կը խթանեն իրենց շրջապատը: Վերապատուելին նշեց նաեւ, թէ սոյն մրցոյթները կը նպաստեն երկրի կրթամշակութային կեանքի զարգացման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան ազգանուէր առաքելութեան շարունակութեան:
Հանդիպման ընթացքին Ֆարահի ծնողքը յայտնեց, թէ Իլիաս ինչպիսի դժուարութիւններ շրջանցելով եւ աննկուն կամքով տիրացաւ այս արդիւնքին: Վերապատուելիին հետ կայացած զրոյցի ընթացքին Իլիաս Ֆարահ պարզեց, թէ իր իղձերը ու հեռանկարները անսահման են: Ուստի Վերապատուելին արժեւորելով իր ձգտումը ակնարկեց, թէ բաւարարուածութիւնը մարդ արարածին ամենամեծ թշնամին է, որուն հետեւանքով անհատի հոգիին մէջ կը խամրի դէպի լաւը ձգտելու փափաքը:
Այս մտերմիկ հանդիպման աւարտին վերապատուելին պարգեւատրեց Իլիաս Ֆարահը` նուիրելով անոր 100.000 ս.ո. ու կրթական նպաստ` Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարանէն ներս մինչեւ 12-րդ կարգ անվճար իր ուսումը շարունակելու: Հարկ է յիշել, որ Իլիաս Ֆարահ այս առիթով Դամասկոսի մէջ պարգեւատրուած է նաեւ Առաջին Տիկնոջ Ասմա Ասատի կողմէ:
Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբոշեան
Գանձասար