«Շուտով Գարուն Կու Գայ Եւ Յոյսով Եմ, Որ Խաղաղ Գարուն Կ’ըլլայ Նաեւ Իմ Ծննդավայրիս` Սուրիոյ Մէջ». Ռաֆֆի Կիրակոսեան

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մշտական հոգածութեան ներքոյ կը գտնուին սուրիական` անվերջանալի թուացող պատերազմի հետեւանքով Հայաստանի մէջ հանգրուանած մեր հայրենակիցները, անոնց ունեցած խնդիրները, որոնք պարբերաբար կը լուսաբանուին նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականին մէջ: Սուրիահայերու մեծ մասը սիրով կը համաձայնի զրուցել, մէկ մասն ալ կը խուսափի աշխատանքի հետ կապուած ժամանակի սղութեան, նաեւ` ըսելիքի անորոշութեան պատճառով: Իմ զրուցակիցս` Ռաֆֆի Կիրակոսեանը, որ «Վերնիսաժ»-ի տարածքին մէջ ունեցած սեղանին մօտ կանգնած էր` վաճառելու իր եղբօր պատրաստած արծաթեայ զարդերը, սառնամանիքէն ընդարմացած` դրականօրէն արձագանքեց իմ առաջարկիս եւ  քիչ մը բացասական (թերեւս պատճառը ցուրտն էր), համեստօրէն, զուսպ պատասխանեց իմ հարցերուս:

Որքա՞ն ժամանակ է, որ կը  գտնուիք Հայաստանի մէջ:

Մէկ ու կէս տարի է, որ եղբօրս հետ տեղափոխուած ենք Հայաստան, ծնողներս մահացած են: Այստեղ մենք վարձով կ’ապրինք: Եղբայրս կը պատրաստէ զարդերը, իսկ ես կը վաճառեմ: Սուրիոյ մէջ ատաղձագործ կ’աշխատէի: Այստեղ առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ 1700 «Վերնիսաժ» ի մէջ եմ:

Վաճառք կա՞յ, շահոյթ կ’ունենա՞ք:

Նայած` օր. օրեր կան, որ որեւէ բան չեն գներ, ցուրտ է, մարդիկ այդքան ալ չեն յաճախեր  «վերնիսաժ»: Աւելի շատ տօնական օրերուն կ’աշխուժանայ առեւտուրը:

Ռաֆֆի՛, Սուրիան տաք երկիր է, դուք վարժուած էք ջերմ եղանակի, ինչպէ՞ս կը դիմանաք այս դաժան ձմրան, առաւել եւս, պաղ գետնին կանգնած, ողջ օրը  բացօթեայ կ’աշխատիք:

Անշուշտ, դժուար է, սակայն կամաց-կամաց կը վարժուիմ, կը դիմանամ: Առանց աշխատանքի չըլլար: Օրեր կան, որ չեմ գար: Առ այժմ ուրիշ գործ չկայ, ուստի ստիպուած պէտք է կանգնիմ: Ոչինչ, շուտով գարուն կու գայ եւ յոյսով եմ, որ խաղաղ գարուն կ’ըլլայ նաեւ իմ ծննդավայրիս Սուրիոյ մէջ:

Շա՞տ տարբերութիւն կը տեսնէք սուրիահայերու եւ տեղի հայութեան միջեւ:

Այո՛, տարբերութիւն շատ կայ. սուրիահայութիւնը աւելի աւանդապաշտ է: Ամէն մարդ իր ծննդավայրին  վարժուած է: Իմ մանկութիւնս ու պատանեկութիւնս, վաղ երիտասարդութիւնս  ձգած եմ այնտեղ, հարազատ շիրիմներ  ձգած եմ:

Տեղացիներուն հե՞տ  աւելի շատ կը շփուիք, թէ՞ այստեղ հանգրուանած սուրիահայերու հետ:

Բոլորին հետ ալ կը ծանօթանամ, սակայն շատերը կ’արտագաղթեն:

Ըսիք, որ սուրիական պատերազմէն առաջ երկու անգամ պտոյտի  եկած էք  Հայրենիք. ինչպիսի՞ն  է տարիներու հեռուէն այսօրուան Հայաստանը:

Ժողովուրդը նոյնն է, Երեւանը  շատ փոխուած է, գեղեցկացած, զարդարուած:

Ռաֆֆի՛, Ձեր հասակակից ընկերներուն խորհուրդ կու տա՞ք գալ, հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ:

Այո՛, անշու՛շտ: Պատերազմն ալ աւարտէ, մենք պիտի մնանք այստեղ: Հալէպի Սուլէյմանիէ թաղամասին մէջ պահպանուած է մեր տունը, կ’ուզենք ապրիլ Հայրենիքի մէջ, սակայն միշտ կապուած մնալ մեր ծննդավայրին: Սա իմ Հայրենիքս է, իսկ Հայրենիքս ինծի համար մօր պէս է, Հայրենիքը մեր մայրն է, իսկ մօրմէ աւելի սուրբ բան չունինք:

Կարինէ  Աւագեան

Scroll Up