«100-ն Անց». Լուսանկարներու Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

Փետրուար 2-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Երեւանի պատմութեան թանգարանին մէջ բացուեցաւ «100-ն անց» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որուն մասնակցեցան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Երեւանի փոխքաղաքապետ Դաւիթ Օհանեան, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, հիւրեր:

Ողջունելով ներկաները` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց «Հայերն այսօր», «Եռագոյն» ելեկտրոնային թերթերուն եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին` ցուցահանդէսի կազմակերպման մասնակցելու համար եւ ի դէմս տնօրէն Արմինէ Սարգսեանի` Երեւանի պատմութեան թանգարանին, ցուցասրահը սիրայօժար տրամադրելուն համար:

Նախարարը համոզում յայտնեց, որ 100-րդ տարելիցէն ետք  հայ ժողովուրդը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ պիտի շարունակէ պայքարը Հայ դատի ճանաչման, Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման համար:

Ներկայացուող ցուցադրութենէն նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առանձնացուց արեւմտահայ ծնողներու տաղանդաւոր ժառանգներ Տիգրան եւ Արաքս Մանսուրեաններու լուսանկարները, որոնք իրենց արուեստով լաւագոյնս կը պահպանեն եւ սերունդներուն կը փոխանցեն Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները:

«Ուրախ եմ, որ մայեստրօ Տիգրան Մանսուրեանն այսօր ներկայ է ցուցահանդէսի բացմանը եւ առիթից օգտուելով ուզում եմ եւս մէկ անգամ շնորհաւորել մեծ արուեստագէտին` վերջերս նշած Ծննդեան տարեդարձի առթիւ: Սիրելի՛ մայեստրօ, Ձեր ստեղծագործութեամբ մենք` հայերս, այսօր լաւագոյնս ենք ներկայանում աշխարհին եւ հպարտ ենք, որ Ձեր ժամանակակիցն ենք», – նշեց նախարարը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը անդրադարձաւ մեծանուն դերասանուհի Վարդուհի Վարդերեսեանի` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին եղած լուսանկարին, ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցիի, ձեւաւորող Գէորգ Շադոյեանի լուանկարներուն:

«Շնորհակալութիւն Իննա Մխիթարեանին, ում աշխատանքներում Հայոց ցեղասպանութիւնից 100 տարի անց մենք տեսնում ենք պահպանուած Արեւմտեան Հայաստանի արծաթագործութեան զարդանախշերը, էրգրից բերուած ծիրանի տնկիները, որոնք բերք են տալիս Արարատեան դաշտավայրում, ասեղնագործ աշխատանքները, ճաշատեսակները, Տէր-Զօրից բերուած հողը եւ այլ լուսանկարներ», -աւելցուց նախարարը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով պարգեւատրեց երիտասարդ լուսանկարիչին` բարձր գնահատելով մեր պատմական յիշողութիւնը պահպանելուն ուղղուած անոր ջանքերը:

Ցուցահանդէսի մասին գնահատանքի խօսքով հանդէս եկաւ արուեստաբան Մարինա Ստեփանեան:

Այնուհետեւ ներկաներուն ողջունեց ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան: «Խորապէս գնահատում եմ այս ցուցադրութիւնը եւ նմանօրինակ բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնցով մշտապէս հանդէս է գալիս ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: Արեւմտեան Հայաստանից բերուած` նոյնիսկ մանրուքների հանդէպ ունեցած մեր այսօրուայ վերաբերմունքով մենք պէտք է պահպանենք պատմական յիշողութիւնը», – նշեց մայեստրոն:

Ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին նշեց, որ նման աշխատանքները կը նպաստեն Հայաստանի մէջ լուսանկարչութեան` որպէս արուեստի ճիւղի զարգացման: Լուսիկ Ագուլեցին նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին նուիրեց իր եւ իր դուստրի հեղինակած հայկական տարազներու մասին պատմող երկու  ժողովածու:

Նկարիչ, ձեւաւորող Արման Դաւթեան (Նուռը) նշեց, որ այսօր Արեւմտեան Հայաստանի մասին մենք պատկերացում կը կազմենք նաեւ պահպանուած լուսանկարներու շնորհիւ: «Յուսով եմ` այսպիսի ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուեն ոչ միայն Հայաստանում, այլեւ ուրիշ երկրներում եւս», – աւելցուց Նուռը:

Ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկաւ հեղինակ Իննա Մխիթարեան:

«Երբ փոքր էի, տատիկս ուզում էր, որ դիւանագէտ դառնամ: Նա կրթութիւն չէր ստացել. չգիտեմ` ինչ էր պատկերացնում դիւանագէտ ասելով: Անօգնականութիւնից էր, հաւանաբար, յոյսն ինձ հետ կապում, որ աշխարհին իմաց տամ, թէ ինչ տեսաւ ինքը` Պուլանուխից (Մուշ) գաղթելիս: 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ նա կորցրել էր ծնողներին ու ազգականներին, փոքր եղբօրը փրկել էր հրացանի գնդակից, որն անցել էր իր ուսի միջով: Նանէն այդ ժամանակ 15 տարեկան էր` գիտակից տարիքում. տեսածի սարսափը նրա աչքերում մնաց մինչեւ կեանքի վերջին պահը: Նա յաճախ էր քնած ժամանակ լաց լինում. դա սովորական լաց չէր…»: Սա  Իննա Մխիթարեանի պատմութիւնն է, որ դիւանագէտ չդարձաւ, բայց եւ չմոռցաւ մեծմօր խօսքերը: Եւ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց` որպէս լուսանկարիչ, հաւաքագրեց ու փաստագրեց Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց ինչպիսին են հետեւանքները ոչ միայն մարդկային ճակատագիրներու, այլեւ մշակոյթի, խոհանոցի, լեզուի, կենցաղավարութեան հարցերուն մէջ:

Իր խօսքին մէջ Իննա Մխիթարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` իր աշխատանքներու ցուցադրութիւնը իրականութիւն դարձնելու համար: Լուսանկարիչը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց նաեւ «Հայերն այսօր», «Եռագոյն» էլեկտրոնային թերթերուն եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին, Երեւանի քաղաքապետարանին` ի մասնաւորի Երեւանի պատմութեան թանգարանին:

«Կորուսեալ Հայրենիքում զոհուեց մէկուկէս միլիոն հայ: Սակայն հայ մարդու ապրելու եւ արարելու մղումը հնարաւորութիւն տուեց շարունակելու եւ կենսունակ դարձնելու արեւմտահայ կենցաղն ու արուեստը, որ մերօրեայ մշակոյթի առանցքն է», – նշեց Իննա Մխիթարեան:

Ցուցահանդէսը կը տեւէ 3 օր` մինչեւ Փետրուար 4 (հասցէն` Արգիշտի 1/1):

Scroll Up