«Բարեւ Հայաստան». Սուրիահայ Րաֆֆին Նոր Շունչ Բերաւ Երեւանեան Ակումբային Կեանքին
Եթէ դուք ակումբային կեանքի սիրահար էք, ապա հաստատ լսած էք սուրիահայ Րաֆֆիի մասին, որ հարուածային գործիքներով ճազ ու պլիւզ կը նուագէ եւ իր եռանդով նոր ու իւրայատուկ լիցք կը հաղորդէ երեկոյին: Րաֆֆին երեւանեան բազմաթիւ ակումբներու մէջ նուագած է. Կ’ըսէ երեւանեան ակումբային կեանքը այլ է. այստեղ կրնայ նուագել որեւէ երաժշտութիւն, տարբեր ժանրի մէջ:
Երեւանեան կեանքին եւ այստեղ ապրելուն մասին Րաֆֆին շատոնց երազած է. պատճառը ոչ միայն հայրենիքի հանդէպ սէրը եղած է, այլ այն հանգամանքը, որ ուսանողական երիտասարդական կեանքը անցուցած է Երեւանի մէջ: Կը խոստովանի, որ այն իր կեանքի ամենապայծառ ու վառ ժամանակաշրջանը եղած է: «Երբ անհոգ ես, երբ ամէն ինչ պայծառ է ու գեղեցիկ, ուժեղ ես ու վստահ, որ կրնաս յաղթահարել ամէն ինչ», կ’ըսէ ան` աւելցնելով, որ յետագային ալ Երեւան իր յուշերուն մէջ հէնց այդպէս դրոշմուած է:
Երեւան առաջին անգամ այցելած է 1987թ. ճարտարագէտ մասնագիտութիւն ստանալու համար: Մասնագիտութիւնը` մասնագիտութիւն, բայց Րաֆֆին կը խոստովանի, որ սէրը երաժշտութեան հանդէպ աւելի մեծ էր ու համալսարանին զուգահեռ սորված է նաեւ Երիտասարդական պալատի Ճազային քոլեջին մէջ: Եթէ Երեւանի մէջ երաժշտութիւնը ընդամէնը հոպի էր, Հալէպի մէջ այն դարձաւ նաեւ գործ: Հալէպի մէջ քանի մը խումբերու անդամ էր ու կը նուագէր հիմնականին մէջ հայկական, հայրենասիրական երգեր: Կ’ըսէ` գումար կը վաստակէին միայն ճաշարաններու մէջ նուագելով: Եկեղեցւոյ մէջ, մշակութային ակումբներու եւ դպրոցի ձեռնարկներուն կը մասնակցէին անվճար. Ատիկա ալ բարեգործութեան իրենց ընտրած ուղին էր:
Արդէն հասուն տարիքի մէջ երկու անգամ այցելած է Երեւան. իւրաքանչիւր այցելութենէ ետք որոշում կայացուցած է, որ յաջորդ անգամ պիտի գայ ընտանիքով, տուն պիտի գնէ եւ մշտական պիտի հաստատուի այստեղ: «Մեր գալը չեղաւ այնպէս, ինչպէս ես կ’երազէի: Մենք պատերազմէն փախանք: Հալէպէն հեռանալը այդ ժամանակահատուածին դժուար էր, ընկերներ մահացած էին, հարեւաններ կորսնցուցած էինք: Հալէպը ծննդավայրս է, անոր պատերուն վարժուած եմ, անոր շունչին, մթնոլորտին: Պատերազմի ժամանակ ձգելն ու հեռանալը շատ բարդ էր», կ’ըսէ Րաֆֆին` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ ձգած է գրեթէ ամէն ինչ. այնտեղ են ծնողները, եղբայրն ու անոր ընտանիքը: Րաֆֆիին խօսքերով իր ընտանիքը շուտ համակերպեցաւ երեւանեան կեանքին. երեխաները ընտելացան, կինը սիրեց վարդագոյն քաղաքը: Սակայն դժուարը առջեւն է: Ի տարբերութիւն Հալէպի, երեւանեան երգարուեստի ոլորտը աւելի զարգացած է, մրցակցութիւնը` մեծ ու արեւի տակ տեղ ունենալու համար հարկաւոր է անդադար աշխատանք:
Sounds of art. Սա այն նուագախումբն է, որուն Րաֆֆին անդամ է. հինգ հոգինոց խումբի անդամները փորձերը կը կատարեն Առնօ Բաբաջանեանի անուան ֆիլհարմոնիկ փոքր համերգասրահին մէջ. համերգներ ունեցած են, այժմ կը մտածեն մեծ գործեր կատարելու ուղղութեամբ: Բացի նուագախոմբի գործունէութենէն, Րաֆֆին կը նուագէ նաեւ Stop ակումբին մէջ: Կ’ըսէ` այսպէս իր հոգեւոր քաղցը կը յագեցնէ: Հանդիսատեսը միշտ լաւ է, ճաշակով ու բարեհամբոյր: Երգացանկը իրենք կ’ընտրեն, կը կատարեն` սիրով եւ ոգեւորուածութեամբ:
Րաֆֆին կը խոստովանի, որ Հալէպի մէջ ձգած է յիշողութիւնները, տուն ու հարստութիւն, Երեւանի մէջ գտած է եւրոպական կեանք: Կ’ըսէ` տարիներ շարունակ ինքը այս երկուքի «միքսը» կը փնտրէր, ու առանց մէկուն, միւսին գոյութիւնը կարծես անիմաստ կը թուի: Թէ ինչպիսին պիտի ըլլայ վաղուան օրը` Րաֆֆին չի մտածեր: Ապագայի մասին հարցերուն չի պատասխաներ. Կ’ըսէ` շատ մտածած է այդ ուղղութեամբ, բայց դեռ չի գիտեր, թէ վաղը ինչ ու ինչպէս պիտի ըլլայ: Կ’ըսէ` առաջ նման անորոշութիւն չունէր, միշտ նախօրօք ծրագիրներ կը կազմէր ու գիտէր` ինչը ինչին պիտի յաջորդէ: Սակայն պատերազմը շատ բան փոխած է նաեւ իր կեանքին մէջ: «Մենք ողջ մնացած ենք, բայց կրնայինք զոհուիլ: Երբ կը քնանաս ու չես գիտեր` առաւօտեան կ’արթննաս, թէ ոչ, կեանքիդ մէջ շատ բան կը փոխուի: Ալ չես մտածեր շատ հեռու ապագայի մասին: Պատերազմը մտածելակերպ կը փոխուի, վարքագիծ ու անգամ բնաւորութիւն: Հիմա ես չեմ գիտեր, թէ ինչպիսին պիտի ըլլալ վաղը», կ’ըսէ Րաֆֆին ու կ’աւելցնէ, որ երեխաներն ալ դեռ վերջնական որոշում չեն կայացուցած: Մէկ անգամ հարցուցած է ու բաւարար պատասխան չէ ստացած: Կ’ըսէ` երկրորդ անգամ նոյն հարցը կու տայ, երբ ինքը արդէն յստակ որոշում կը կայացնէ ապագայի վերաբերեալ:
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Լուսանկարը` Տաթեւ Դուրեանի
«Արմէնփրէս»