Պատրաստ Ենք Կռուելու Նաեւ Հայրենիքին Համար. Սուրիահայ Ճիﬕի Յաջողութեան ու Նուիրուﬕ Պատմութիւնը
Սուրիահայ Ճիﬕ Հաճարը Հայաստանը հիանալի երկիր կը համար լուսանկարչութեամբ զբաղելու համար: Անոր համոզումով` այստեղ բնութիւնը ուղղակի հիասքանչ է, ամէն անկիւն կարելի է գեղեցիկ նկար մը ստանալ: «Հայաստանի մէջ ուր ալ կանգնիս, գեղեցիկ պատկեր մը կը ստանաս, ստեղծագործելու, նկարելու համար տրամադրող ﬕջավայր է, իսկ ատիկա շատ կ՛օգնէ գեղեցիկ լուսանկարներ ստանալու համար», – կ՛ըսէ ան:
Լուսանկարիչը, որ Հալէպէն է, կ՛ըսէ, որ Սուրիոյ մէջ եւս կան գեղեցիկ վայրեր, բայց անոնց հասնիլը աւելի բարդ է, քան, ըսենք, Երեւանէն` Հայաստանի որեւէ անկիւն: Ճիﬕն Հալէպէն Հայաստան տեղափոխուած է 2014-ի Մարտին: Ան կը պատմէ, որ պատերազﬕ առաջին 2-3 տարիներուն կնոջ հետ փորձած է դիմանալ պայմաններուն, բայց ի վերջոյ անոնք ստիպուած եղած են լքելու Սուրիան:
Սկիզբը Ճիﬕն Հայաստան ուղարկած է կինը, ապա 8 աﬕս անց ինք տեղափոխուած է: Այդպէս, Հայաստանի մէջ ծնած է Ճիﬕի առաջին երեխան, որ արդէն 2 տարեկան է:
Ճիﬕն Հալէպի մէջ նոյնպէս կը զբաղէր լուրսանկարչութեամբ: Թէ այնտեղ, թէ Երեւանի մէջ ան կը լուսանկարէ ուրախ հանդիսութիւններ, բայց տարբեր երկիրներու մէջ նոյն աշխատանքին մէջ կը զգայ որոշ տարբերութիւններ: «Սուրիան բազմազգ ու բազմակրօն երկիր է, ուստի լուսանկարներու բնոյթը ինչոր առումով աւելի բազմազան էր»,- կը մանրամասնէ լուրսանկարիչը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:
Ան կը կարծէ, որ այդ հանգամանքով պայմանաւորուած` Հալէպի մէջ պէտք է ըլլալ աւելի ճարպիկ ու ճկուն: Երեւանի մէջ Ճիﬕն յաճախ կը նկարահանէ ճանչցուած անուանի մարդիկ, բայց կը խոստովանի, որ երբեﬓ ոչ բոլորը կը ճանչնայ: Իր գործին մէջ Ճիﬕին կ՛օգնեն եւս 12 հոգի` լուրսանկարիչներ, օփերաթորներ ու մոնտաժողներ: Լուրսանկարիչի առօրեան շատ ծանրաբեռնուած է. կ՛աշխատի օրական 20 ժամ, այլ զբաղումներու ժամանակ պարզապէս չունի: Ազատ օրերուն, երբ նկարելու ոչինչ ունի, անձամբ կը նստի եւ կը մշակէ լուրսանկարները, տեսաշարերը:
«Քանի որ կը նկարեմ տարբեր ուրրախ առիթներով կազմակերպուած ձեռնակներ ու հանդիսութիւններ, գրեթէ ամէն օր զբաղած կ՛ըլլամ, գործս ﬕշտ շատ է», կը նշէ սուրիահայը: Ան չի թաքցներ նաեւ, որ կրթութեամբ լուսանկարիչ չէ, բայց շատ շուտ սկսած է այս գործով զբաղելու` 22 տարի: Տարիներու ընթացքին ինքնուրոյն սորված ու զարգացուցած է իր մէջ եղած կարողութիւնը:
Ճիﬕն իր աշխատանքէն չի դժգոհիր եւ փոխելու մտադրութիւն չունի. Կը զբաղի իր սիրած գործով: Կը ցաւի ﬕայն, որ գործին շատ ժամանակ տրամադրելով ընտանիքը տեսնելու ժամանակ շատ քիչ կ՛ունենայ: «Երեխաս գրեթէ ﬕշտ քնացած կը տեսնեմ, լաւագոյն պարագային` մէկ ժամ», կ՛ըսէ լուրսանկարիչը: Ան կը նշէ, որ կինը կրթութեամբ գծանկարիչ-ձեւաւորող է եւ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ իրեն խորհուրդներով շատ կ՛օգնէ: Հիմա չ՛աշխատիր, քանի որ փոքրիկը կը խնամէ. երեխան շատ չարաճճի է, արդէն եկող տարի մանկապարտէզ պիտի երթայ:
Սուրիահայ լուսանկարիչը կ՛ըսէ, որ Երեւանի մէջ ինքզինք գնահատուած կը զգայ: «Եթէ շնորհք ունիս, էութեամբ լաւ մարդ ես ու արժէքաւոր գործ կ՛ընես, բոլորը շատ լաւ կը վերաբերին: Հայաստանի ժողովուրդը այդպիսին է»,- կը կարծէ լուսանկարիչը:
Ան կ՛ըսէ, որ Երեւան տեղափոխուելու ատեն ﬔծ խոչընդոտներու ու դժուարութիւններու չէ հանդիպած, բայց Հայաստանի մէջ աշխատիլը ունի իր բարդութիւնները: «Այստեղ պէտք է 3-4 հոգիի փոխարէն աշխատիլ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ընտանիք պահել, ﬔքենայ վարել ու գրասենեակ վարձել. աճելու համար ժամանակ պէտք է, կը բացատրէ ան: Այնուաﬔնայնիւ, Ճիﬕի լուսանկարչական ընկերութիւնը, որ կը գործէ արդէն 1,5 տարէ, իր կարծիքով` ժամանակի ընթաքին թափ կը հաւաքէ, եւ աﬔնակարեւորը այն է, որ այստեղ ան իրեն հանգիստ ու իր տան մէջ կը զգայ:
Մենք հետաքրքրուեցանք` արդեօք Ճիﬕն իր ընտանիքին հետ ցանկութիւն չէ ունեցած ﬔկնելու Եւրոպա, ինչպէս կ՛ընեն հազարաւոր սուրիացիներ: «Եւրոպա ﬔկնելով մարդիկ փախտսական կը դառնան, իսկ Հայաստանը ﬔր հայրենիքն է, ինչո՞ւ ստանալ փախստականի կարգավիճակ, եթէ կրնաս վերադառնալ նախնիներուդ տունը»,- կ՛ըսէ սուրիահայը:
Անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ վերջին շաբաթներու ռազմական գործողութիւններուն ու խիստ լարուած իրավիճակին` լուսանկարիչը կ՛ըսէ, որ իրենք պատերազմական վիճակի վարժ են: «Այնտեղ արդէն կռուած ենք, պատրաստ ենք կռուելու նաեւ ﬔր հայրենիքին համար: Ատիկա ﬔզի չի խանգարեր ﬓալու Հայաստան,- կ՛եզրափակէ Ճիﬕն:
Լուսինէ Ղազարեան