«100-ն Անց».Լուսանկարներու Ցուցահանդէս` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան

Փետրուար 2-ին` ժամը 13:00-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Երեւանի քաղաքապետարանը կը հրաւիրեն ներկայ գտնուելու Երեւանի պատմութեան թանգարանի նախասրահին մէջ (հասցէ` Արգիշտի 1/1) «100-ն անց» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման:
Ցուցահանդէսի մտայղացումը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականինն է` համագործակցութեամբ «Եռագոյն» արեւմտահայերէն պարբերականին եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթին:
Լուսանկարներու հեղինակը Իննա Մխիթարեանն է, ան հաւաքագրած ու փաստագրած է Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարի անց ինչպիսին են հետեւանքները, ոչ միայն մարդկային ճակատագրերու, այլեւ մշակոյթի, խոհանոցի,լեզուի, կենցաղավարութեան ծիրէն ներս:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 3 օր` մինչեւ Փետրուար 4: