Հայկական մշակոյթին նուիրուած երկօրեակ Աթէնքի Մէջ
Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը հայկական մշակոյթին նուիրուած երկօրեակ մը կը կազմակերպէ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, հովանաւորութեամբ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ համագործակցութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան։
Կիրակի՝ 15 Նոյեմբեր 2015ին, կ. ե. ժամը 7ին, Համազգայինի «Արշաւիր Գազանճեան» թատերախումբը, կը ներկայացնէՌիչարտ Քալինոսքիի «Հրէշը Լուսնին Վրայ» թատրերգութիւնը, յունարէն լեզուով, Աթէնքի քաղաքապետական «Աննա եւ Մարիա Քալութա» (նախկին Աթինայիքօ, Այիոս Սոսթիս) սրահէն ներս։
Բեմադրութիւնը կատարած է Ալեքսիս Սարիեան։
Յունարէնի թարգմանութիւնը՝ Տիմիթրիս Թարլոու
եւ երաժշտաւորումը՝ Հայկ Եազըճեան։
Դերերը կը մարմնաւորեն՝ Սերգօ Մինասեան, Սարա Միսաքեան, Յակոբ Պարսամեան եւ Շանթ Դաւիթեան։
Մուտք՝ 7 եւրօ (պատանիներու սակ՝ 5 եւրօ)։
Երկուշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2015ին, կ.ե. ժամը 8ին,
Աթէնքի «Փալլաս» կեդրոնական սրահէն ներս, տեղի կþունենայ Աթէնքի քաղաքապետարանի սիմֆոնիկ նուագախումբի համերգ, ամբողջութեամբ նուիրուած մեծանուն երաժիշտԱրամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններուն։
Պիտի հնչեն Մասքարատ, Գայիանէ, Սպարթաքոս պալէներուամէնէն ծանօթ ու սիրուած բաժինները։
Մենակատար՝ Եորղոս Տեմերծիս (ջութակ)
Խմբավար՝ Անտրէաս Ցելիքաս
Համերգին մուտքը ազատ է։
Անձնական հրաւէրներ ստանալու համար փափաքողները պէտք է արձանագրուած ըլլան Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան մօտ,
կամ՝ www.ticket365 կայքէջին, եւ կամ՝ 2111000365
հեռաձայնին միջոցաւ։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ