Ղարաբաղի Վերաբերեալ Զեկոյցներուն Քննարկումը Հնարաւոր է Տեղի Չունենայ. ԵԽԽՎ Նախագահ

Այսօր Սթրասպուրկի մէջ մեկնարկեց Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ձմեռնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 29:

Նստաշրջանի մեկնարկէն առաջ ԵԽԽՎ նախագահ Անն Պրասէոր, որուն լիազօրութիւնները կ՝աւարտին արդէն այսօր, հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով եւ պատասխանած լրագրողներու հարցերուն:

Անն Պրասէոր՝ ներկայացնելով ԵԽԽՎ օրակարգը` նշած է նաեւ ԵԽԽՎ օրակարգին ընդգրկուած երկու հակահայկական զեկոյցներու նախագիծերուն մասին` «Բռնութիւններու աճը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միւս գրաւեալ տարածքներուն մէջ» եւ «Ատրպէյճանի սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները միտումնաւոր զրկուած են ջուրէ», որոնց քննարկումն ու քուէարկութիւնը նախատեսուած է Յունուար 26-ին:

Անն Պրասէոր, սակայն, յայտնած է, որ կան բազմաթիւ առաջարկներ` վերոնշեալ բանաձեւերու նախագիծերուն վերաբերեալ քննարկում չ՝իրականացնելու գիծով:

«Վերջնական որոշումը, ի հարկէ, պէտք է կայացնէ վեհաժողովը` իրականացնել քննարկում, թէ ոչ, կամ անիկա ետ ուղարկել յանձնաժողով»,- ըսած է Պրասէոր:

Scroll Up