Քեսապի Մէջ Ս․ Սարգիսի Տօնը Նշուեցաւ Մտերմիկ Նախաճաշի Մը Կազմակերպումով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/01/Քեսապ.jpg)
Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ «Ծովասար» խումբի կազմակերպութեամբ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը Քեսապի ժողովրդային տան մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:
Վարդինէ Աշըգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն շեշտելով, որ հակառակ տիրող տագնապալի վիճակին եւ հրթիռներու պատճառած ահին ու սարսափին, մեր զօրաւոր կամքն ու հաւատքը մեզ կը մղեն շարունակելու մեր արօրեայ կեանքը եւ կառչած մնալու մեր միութենական պարտաւորութիւններուն եւ պարտականութիւններուն: Ան անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի զօրաւոր հաւատքին մեր աւանդութիւններուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց Ս.Սարգիսի առիթով մեր պահպանած աւանդոյթները:
Թալին Ապտուլեան անդրադարձաւ հացին արժէքին եւ կարեւորութեան մասին հայ ժողովուրդին կեանքին մէջ , ինչպէս նաեւ մանրամասնօրէն ներկայացուց հայկական ԼԱՒԱՇ հացը որպէս համաշխարհային ճանաչում ունեցող հայկական մեր արժէքներէն մէկը:
Սեւան Աշըգեանի պատրաստութեամբ տեղի ունեցաւ ազգային երգերու եւ հայկական արածներու խաղ-մրցում , որ ոգեւորեց բոլոր ներկաները եւ ճոխ մթնոլորտ ստեղծեց սրահէն ներս:
«Ծովասար» խումբի ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած համեղ նախաճաշը եւ անուշեղէնը հրամցուեցան ներկաներուն:
Երկու ժամ տեւող այս հաճելի ընկերային հաւաքը վերջ գտաւ բոլոր ընկերուհիներուն մաղթանքներով, որ պատերազմն ու իր մահացու աւերները վերջ գտնեն Սուրիոյ բոլոր քաղաքներէն, Աստուծոյ պահապան ձեռքը պահէ Քեսապը եւ քեսապահայութիւնը արիւնարբու թշնամիին ոխերիմ յարձակումներէն: