Սուրիոյ նախագահը գիտական ողոմպիականի մրցանակակիրներու պարգեւատրման յատուկ օրինագիծ մը հրապարակեց

Սուրիական Գիտական Ողոմպիականի մասնակիցներուն միջազգային գետնի վրայ արձանագրած նուաճումներուն լոյսին տակ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2016 թուականի թիւ 4 օրինագիծը, որուն հիման վրայ բոլոր այն սուրիացի ուսանողները, որոնք Գիտական Ողոմպիականի միջազգային եւ ասիական մակարդակի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական մակարդակի մրցումներուն առաջնակարգ դիրքեր կը գրաւեն եւ մրցանակներու կ’արժանանան, երկրորդականի քննութիւններու աւարտին հնարաւորութիւն պիտի ունենան արձանագրուելու սուրիական համալսարանի իրենց նախասիրած ճիւղը, առանց սահմանափակուելու համալսարան ընդունման նիշերու պայմաններով:

Նշեալ ուսանողներուն հետագային պետութեան կողմէ պիտի շնորհուի նաեւ համաշխարհային մեծագոյն համալսարաններուն մէջ մասնագիտանալու առիթ:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up