Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Արաբերէն Առաջին Ֆիլմը Կը Ներկայացուի Նիւ Եորքի Ֆիլմի Փառատօնին

«Ո՞վ սպաննեց հայերը». Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբերէն առաջին վաւերագրական ֆիլմը պիտի ներկայացուի Նիւ Եորքի «Socially Relevant Film» ֆիլմի փառատօնին` խաղարկային-վաւերագրական ֆիլմ անուանակարգին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը տեղեկացնէ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեան:

«Ո՞վ սպաննեց հայերը» ֆիլմը նկարահանած են բեմադրիչ Մուհամատ Հանաֆին եւ լրագրող, հաղորդավար Մարիամ Զաքին: Ֆիլմին մէջ ներկայացուած է 100 տարի առաջ թուրքերու կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ֆիլմին մէջ կը ներկայացուին բազմաթիւ արխիւային նիւթեր եւ լուսանկարներ, որոնցմէ շատերը կը հրապարակուին առաջին անգամ եւ կը հաստատեն 1915-ի Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Իսկ վերապրածներու վկայութիւնները կը հաստատեն, որ թուրքերու կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը նախապէս ծրագրուած եղած է: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:

Ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի  ունեցած է Նոյեմբեր 8-ին, Գահիրէի մէջ:

Scroll Up