Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին հրթիռակոծման թիրախ

17 Յունուար 2015-ի կէսօրին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծուեցան Հալէպի Մունշիէ,Ազիզիէ, Սաատ Ալլա Ճապրի շրջանները։ Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ նաեւ Մունշիէի շջանին մէջ գտնուող Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին, առաւօտեան պաշտամունքի արարողութենէն ժամեր անց։

Բարեբախտաբար մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, սակայն եկեղեցւոյ կառոյցը մեծապէս վնասուեցաւ։

Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր․ Յարութիւն Սելիմեան այցելեց եկեղեցի՝ ստուգելու վնասներու տարողութիւնը:

եկեղեցի եկեղեցի2

Scroll Up