Հալէպի Մէջ Ելեկտրականութիւնը Միայն Մէկ Օր Միացաւ

Նախապէս հաղորդած էինք, որ Հալէպի մէջ ելեկտրականութիւնը 75 օրուան մնայուն անջատումէն ետք միացաւ: Դժբախտաբար ելեկտրական հոսանքը միայն մէկ օր միացաւ ու կրկին անջատուեցաւ: Հալէպը, ըլլալով հանդերձ Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքը, կը շարունակէ մնալ առանց ելեկտրական հոսանքի:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

Scroll Up