Հինգ Հայ Արժանացած Է Ֆրանսայի Պատուոյ Լէգէոնի Շքանշանի

Ֆրանսայի Պատուոյ Լէգէոնի շքանշանի արժանացած է հինգ հայ: Այս մասին ըստ Panorama.am-ի` կը գրէ Horizonweekly պարբերականը:
Անոնցմէ երկուքը ֆրանսահայ պատմաբաններ են` Անահիտ Տէր-Մինասեանը ու Ռայմոնտ Գէորգեանը: Տէր-Մինասեան Սորպոնի համալսարանի եւ Սոցիալական գիտութիւններու բարձրագոյն դպրոցի դասախօս է: Ուսումնասիրութեան առարկան Հայաստանի, հայկական հարցի, Անդրկովկասի մէջ ազգային յարաբերութիւններու պատմութիւնն է: Գէորգեան հեղինակած է «Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջական պատմութիւն» աշխատութիւնը, որ սկզբնապէս հրատարակուած է Ֆրանսայի մէջ` 2006 թուականին: Գիրքին մէջ լայնօրէն օգտագործուած է Նուբարեան գրադարանի արխիւային նիւթերը: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի` 2015-ի Դեկտեմբեր 31-ի հրամանագիրով այդ շքանշանին արժանացած են նաեւ Սերկէ Նազարեանն ու Անտրէ Ետիքարտաչեանը:
Նախապէս` 2015-ի Սեպտեմբերին շքանշանի արժանացած էր Սորպոնի դասախօս Մարք Մուղալեան: Ան կրցած էր փրկել Ամսթերտամ-Փարիզ արագընթաց շոգեկառքի ուղեւորները:
Ֆրանսայի ազգային շքանշանը սահմանուած է Նափոլէոն Պոնափարթի կողմէ 1802 թ. Մայիս 19-ին, անգլիական ասպետական շքանշանի օրինակով: Շքանշանով կը պարգեւատրուի Ֆրանսայի համար տարբեր ոլորտի մէջ մեծ աւանդ ունեցող անձիք: