«2015 Թուականը Յաջող Տարի Էր Ինծի Համար».Տալիթա Աւանէսեան

Երգչուհի Տալիթան 2015 թուականի ընթացքին աչքի ինկաւ ստեղծագործական աշխոյժ գործունէութեամբ: Փառատօնի մասնակցութիւն, տեսահոլովակներ, ձայնասկաւառակի թողարկում: Իրադարձութիւններ, որոնք աւելի հանրային դարձուցին երգչուհին:

«Հայերն այսօրի» հետ զրոյցին Տալիթան ամփոփած է «իր» 2015 թուականը.

-Տալիթա, եթէ ամփոփելու ըլլաս 2015 թուականը, ապա ինչպիսի՞ տարի էր  քեզի համար:

– 2015 թուականը  կարեւոր իրադարձութիւններով լի տարի էր: Յագեցած աշխատանքային օրեր  ունեցած եմ, որոնք տուին իրենց ցանկալի արդիւնքները: Առանց տրտնջալու` աշխատած եմ`փորձելով իրագործել  առջեւս դրուած բոլոր խնդիրները:

Ստեղծագործական ընթացքիդ  ի՞նչ կարեւոր ձեռքբերումներ  գրանցած ես:

– Նախ  քանի մը երգ  ձայնագրած եմ եւ երկու տեսահոլովակ նկարահանած: Տեսահոլովակներէն մէկը, որ կը կոչուի «Հայերինն է», նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Երգի հեղինակներն են Անիթա Հախվերտեանը եւ ուսուցչուհիս` Էմմա Ասատրեանը:

 Տեսահոլովակի միջոցով` ես նոյնպէս ցանկացայ հոգիիս պարտքը կատարել հայոց անմեղ նահատակներու յիշատակին համար: Ի դէպ, տեսահոլովակը նկարահանուած է Լիբանան` Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանին կողմէ:

Անցնող տարուան ընթացքին հրաւէրք  ստացած եմ մասնակցելու Իտալիոյ «Վերտինոթէ» 33-րդ մրցոյթ-փառատօնին, ուր ներկայացուցի Հայաստանը: Այնտեղ կատարեցի փառատօնի կազմակերպիչներուն կողմէ նուիրուած “L’amore non avra`fine” («Սէրն անվերջ է») երգը:

Իտալիայէն վերադարձայ յաղթանակած` արժանանալով «Ոսկէ նոթա» մրցանակին:  Երգի հեղինակ,մայեստրօ Ալպերթօ Ֆլաւիօ Ֆուլկոնիի ցանկութեամբ երգը ունեցաւ նաեւ անգլերէն եւ հայերէն տարբերակները, որոնք Լոնտոնի մէջ դեռ պատրաստման փուլի մէջ են: Իսկ հայերէն տարբերակի հեղինակը երգահան Էտմոնտ Մակարեանն է:

Կարեւոր իրադարձութիւն էր  իմ  կողմէս ներկայացուած  «Երեքը` մէկում» նախագիծը,  որ իր մէջ կը ներառէր` “Welcome to Armenia” աոաջին ձայնասկաւառակիս շնորհանդէսը,  «Crazy Generation» անգլերէն լեզուով երգիս տեսահոլովակի անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն հեղինակներն են արտահանողներ Զառա Պետրոսեան եւ Զարինէ Մխիթարեան, նաեւ կենդանի հնչողութեամբ փոքրիկ համերգը` Bandi-ի ուղեկցութեամբ:

-Կը յիշես` ամենայիշարժան Ամանորը ո՞ր մէկը եղած է քեզի համար:

– Չեմ կրնար առանձնացնել, քանի որ իւրաքանչիւր տարի  ինծի համար յիշարժան եղած է իւրովի:  Այն միշտ լեցուն է հետաքրքիր նուէրներով եւ անակնկալներով: Ծնողներս ամէն բան ըրած են, որ Ամանորի իրական հեքիաթը զգամ:

-Իսկ ինչպէ՞ս կը նշես տօնական օրերը առհասարակ:

-Ամանորը միշտ կը դիմաւորեմ տունը` ընտանիքիս հետ միասին: Կ’այցելեմ հարազատներուս, ընկերներուս տուները եւ միասին լաւ ժամանակ կ’անցնենք: Կը փորձեմ նաեւ խոհանոցին մէջ մայրիկիս օգնել ` միասին տարբեր տօնական ուտեստներ պատրաստելով:

-Տալիթա՛, 2016 թուականի ընելիքներդ արդէն ուրուագծա՞ծ ես, ի՞նչ նոր ծրագիրներով պիտի ներկայանաս հանդիսատեսին:

2015 թուականը  յաջող տարի էր ինծի համար: Յոյսով եմ` 2016-ն ալ յուսախաբ չըներ:

Ընելիքները շատ են. Կ’ակնկալեմ նոր հրաւէրներ, համագործակցութիւններ, երգեր եւ տեսահոլովակներ: Եկող տարին յատկապէս ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալուն, այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տանիմ եւ ժրաջանօրէն կը պարապիմ:

Վերջաւորութեան,  օգտուելով առիթէն, կը ցանկամ շնորհաւորել հայ ժողովուրդի գալիք Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով աշխարհին խաղաղութիւն, բոլորի ընտանիքներուն ջերմութիւն եւ երջանկութիւն, իսկ սրտերուն` սէր, հաւատք եւ բարութիւն:

Գէորգ Չիչեան

Dalita-Dalita-2 Dalita-3Dalita-5

 

Scroll Up