ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ընդունեց PR Դպրոցի Ուսանողները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/pr.jpg)
Դեկտեմբեր 22-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի PR դպրոցի ուսանողները: «Հայկական Փի Ար ընկերակցութեան» գիտատեղեկատուական հասարակական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «PR դպրոցին մէջ» կը մասնագիտանան տարբեր գերատեսչութիւններու, կառոյցներու հանրային կապերու մասնագէտներ եւ լրագրողներ:
Եռամսեայ դասընթացներու աւարտին ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով շրջանաւարտները` նախարարը նշեց. «21-րդ դարը գաղափարի եւ գիտելիքի դար է, եւ ձեզանից իւրաքանչիւրը պէտք է ձգտի լինել մրցունակ, ստեղծագործաբար ու նուիրումով մօտենայ իր աշխատանքին: Իսկ լրագրողի աշխատանքը նախ եւ առաջ ենթադրում է օբյեկտիւութիւն, ազնուութիւն եւ արդարութիւն»:
Հանդիպման ընթացքին տիկին նախարարը երկար տարիներու իր մասնագիտական փորձը, իր նկատառումները եւ դիտարկումները ներկայացուց պետական համակարգին մէջ հանրային կերպարի ձեւաւորման առանձնայատկութիւններուն եւ պաշտօնեայ կանանց պատշաճ տեսքին, հրապարակային ելոյթներու առանձնայատկութիւններուն մասին: Հրանոյշ Յակոբեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց հանրային կապերու գրագէտ մասնագէտներու դերը Հայաստանի ապագայի կերտման եւ Հայաստան-Սփիւռք կապի ամրապնդման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները ամփոփելով անցած ամիսներուն ընթացքին կուտակած փորձն ու գիտելիքները` ներկայացուցին կատարուած աւարտական աշխատանքները, որմէ ետք նախարարը PR դպրոցի երկրորդ հոսքի շրջանաւարտներուն յանձնեց աւարտական վկայականները:
«Հայկական Փի Ար ընկերակցութեան» գիտատեղեկատուական ՀԿ նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան նշեց. «Անցած մէկ տարուայ ընթացքում PR դպրոցը հնարաւորութիւն է ընձեռել ունկնդիրներին ծանօթանալու հանրային կապերի մասնագէտին անհրաժեշտ գործիքներին, ձեռք բերել կիրառական գիտելիքներ: Նրանց է փոխանցուել Հայաստանում առաւել յայտնի մասնագէտների փորձն ու հմտութիւնները: 128 դիմորդներից 17-ն է ընդունուել PR դպրոց, որոնցից միայն 13-ն այսօր ստացան դիպլոմներ: Մեզ համար կարեւորւում է կրթութեան որակը, իսկ վերջին դասին նախատեսուած է Հայաստանում յայտնի հանրային կերպարի հետ հանդիպում: Այս անգամ ընտրուեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, ով հետաքրքիր ճանապարհ է անցել եւ յաղթահարել է բազմաթիւ խոչընդոտներ»:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ սփիւռքի նախարարը հանրային կապի մասնագէտներուն ու լրագրողներուն կոչ ըրաւ քրտնաջան աշխատանքով ձգտիլ յաջողութիւններու. «Կ’ուզեմ, որ լաւ լրագրողներ դառնաք եւ որ ձեր նիւթերի ներքոյ դրուած ստորագրութիւնները ձեր իմացութեան եւ ուժի վկայութիւնը դառնան»: