Կը Մեկնարկէ «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը Նոր Օսմանականութեան Գաղափարախօսութեան Ծիրէն Ներս» Գիտաժողովը

Դեկտեմբեր 18-ին, ժամը 10.00 ՀՀ ԳԱԱ նախագահութեան նիստերու կլոր դահլիճին մէջ կը մեկնարկէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած  «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը նոր օսմանականութեան գաղափարախօսութեան ծիրէն ներս» գիտաժողովը (հասցէն` Մարշալ Բաղրամեանի պող., 24):

Բացման խօսքով ելոյթ կ’ունենայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:

Ուղերձներով հանդէս կու գան ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Եուրի Սուվարեան եւ ՀՀ արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան:

Գիտաժողովին իրենց ծաւալուն ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնեն յայտնի գիտնականներ, ակադեմիկոսներ, թրքագէտներ:

Scroll Up