«Բարի Տարի, Փոքրի՛կ». Աջակցութիւն Սուրիահայ Երեխաներուն. Ծրագիրին Առաջին Արձագանգները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/12/Cragir.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Հայերն այսօր» պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի, ԵՌԱԳՈՅՆ պարբերականի համագործակցութեամբ` «Բարի տարի, փոքրի՛կ» բարեգործական ծրագիրին մեկնարկը տրուած է: Արդէն կու գան առաջին արձագանգները Սփիւռքի կարգ մը կազմակերպութիւններէ, անհատներէ (Ռուսիոյ քանի մը քաղաքներէն` Ատիկիա, Կրասնոտար, Թուապսէ), Արժանթինէն եւ Գանատայէն):
Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ ապրող 1-16 տարեկան սուրիահայ երեխաներուն ամանորեայ նուէրներ պատրաստելու կոչին արձագանգեցին նաեւ Հայաստանէն: Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի շարք մը մանկապարտէզներու տնօրէններ երէկ այցելեցին «Հայերն այսօր»` փոխանցելու իրենց կողմէ պատրաստուած նուէրները (հագուստ, խաղալիքներ, քաղցրաւենիք):
Յիշեցնենք, որ բոլոր անոնք, որոնք նուէրներ պատրաստելու ցանկութիւն ունին, կրնան զանգահարել (+374 10) 53 09 38 հեռախօսահամարով կամ գրել hayernaysor@gmail.com, info@yerakouyn.com,editor@horizonweekly.ca ելեկտրոնային հասցէներուն, որպէսզի անոնց տրամադրուի երեխային անունը, տարիքն ու բնակութեան վայրը:
Սփիւռքի մեր հայրենակիցները ցանկութեան պարագային կրնան օnline գնումներ կատարել կամ գնել նուէրները եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէով` «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ, ՀԲԸՄ Վահէ Կարապետեան կեդրոն, Զ. Քանաքեռցի 1, Երեւան 0052, ՀՀ:
Ուղարկելէ առաջ կը խնդրենք ccsaingo@yahoo.com եւ hayernaysor@gmail.com ելեկտրոնային հասցէներուն ուղարկել նուէրներու ապրանքագիրը ( անուանացանկ, կշիռ, արժէք):