Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» թատրոնի բացումը եւ Կենդանաբանական այգիի վերաբացումը (լուսանկարներ)
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/06/Նախագահ-բացում.jpg)
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր ներկայ գտնուած է մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանին մէջ «Հայաստան» թատրոնի բացման արարողութեան, կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Շրջայցի ընթացքին Հանրապետութեան Նախագահը ծանօթացած է 2013 թուականէն թատրոնին մէջ իրականացուած վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կատարուած շուրջ 8 մլն ԱՄՆ տոլարին համարժէք դրամի ներդրումներու արդիւնքով ստեղծուած ժամանակակից ընտանեկան ժամանցի կեդրոնի (թատրոն, խաղասրահներ, երաժշտական ժամանցի կեդրոն) հնարաւորութիւններուն:
Ընտանեկան հանգիստը կազմակերպելու համար կեդրոնին մէջ կը գործեն նաեւ սնունդի կէտեր, սրճարաններ: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ, կը նախատեսուի, որ 2-3 ամիսէն կը գործէ կեդրոնի երաժշտական ժամանցի կեդրոնը: Թատրոնի վերակառուցման զուգահեռ բարեկարգուած է նաեւ յարակից այգիի մօտ 1 հա տարածքը, ուր ցանուած են շուրջ 500 տարբեր ծառատեսակներ, հիմնովին նոր ուրուագիծով կառուցուած է այգիի եւ շէնքի լուսային ձեւաւորումը, վերանորոգուած են այգիի շատրուանները:
Կեդրոնին մէջ կ’իրականացուին նաեւ բարեգործական ծրագիրներ, կը կազմակերպուին ֆիլմի երիտասարդ գործիչներու, տեխնիկական մասնագէտներու ուսումնական դասընթացներ:
Թատրոնը այս տարի իր դռները պիտի բանայ նաեւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնի մասնակիցներուն համար. Պիտի ցուցադրուին փառատօնի մասնակից ֆիլմեր, պիտի հիւրընկալուին մասնակից բեմադրիչներն ու դերասանները, պիտի կազմակերպուին քննարկումներ, ֆիլմի դիտումներ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ թոռնիկներուն հետ այցելած է Երեւանի կենդանաբանական այգի, ուր 2014-2015թթ. այգիի վերանորոգման եւ զարգացման ծրագիրով իրականացուած են մեծածաւալ աշխատանքներ, ինչպիսիք չեն իրականացուած այգիի հիմնադրման օրուընէ: Հանրապետութեան Նախագահը քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ուղեկցութեամբ շրջած է այգիին մէջ, ծանօթացած Երեւանի քաղաքապետարանի ենթակայութեամբ գործող կենդանաբանական այգիի բարեկարգման եւ զարգացման ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կենդանաբանական այգիի նորակառոյց ժամանակակից սարքաւորումներով յագեցած բուժական կէտին մէջ ստեղծուած պայմաններուն:
Շրջայցի ժամանակ Նախագահին ներկայացուած է, որ այգիի 34 հա տարածքէն մինչեւ վերանորոգումը միայն 7 հա-ն էր կենդանաբնակ եւ օգտագործելի, ներկայիս գործածուող տարածքը հասած է 16 հա-ի:
Հիմնովին փոխուած է այգիի լուսաւորութեան համակարգը, որուն արդիւնքով լուսաւորութիւնը պիտի ապահովեն խնայողատար լապտեր: Պատասխանատուներու հաւաստմամբ, լուսաւորութիւնը պիտի ունենայ նաեւ գեղարուեստական լուծումներ, իսկ այգիի արտաքին տեսքը խաթարող օդային մալուխները ամբողջապէս իջեցուած են գետնի տակ: Ասֆալտապատուած եւ վերանորոգուած են այգիի բոլոր ճանապարհներն ու ճեմուղիները: Տեղադրուած են նոր ցայտաղբիւրներ, կանաչապատուած է 7,000 քմ հողատարածք, ցանուած են նոր ծառատեսակներ եւ թուփեր, իրականացուած են ծաղկային ձեւաւորման աշխատանքներ: Իւրօրինակ տեղանքային լուծումներով կառուցուած են արհեստական ջրվէժներ: Բարեկարգուած եւ թարմացուած են այգիի խաղահրապարակները: Կառուցուած է նոր խաղահրապարակ, ուր առաջին անգամ տեղադրուած են ներառական նշանակութեան մանկական խաղահրապարակներ (ընդհանուրի 1/3 մասը): Այգիին մէջ զբօսանքը աւելի յարմարաւէտ եւ հետաքրքիր դարձնելու նպատակով ձեռք բերուած են եւ պիտի շահագործուին էլեկտրամեքենաներ: Վերակառուցուած է այգիի անցակէտը, որ ապահովուած է էլեկտրոնային հսկիչ եւ գրանցող սարքաւորումներով: